2014-10-04 10:33:02

Քոյր Միրիամ Թերեզա Տէմժանովիչի երանացման արարողութիւնը:


Շաբաթ, 4 հոկտեմբերին, Ամերիկիոյ Նէքարք քաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճէլօ Ամաթօն, կը նախագահէ Քոյր Թերեզա Տէմժանովիչիի երանացման արարողութիւնը ։
Քոյր Միրիամ Թերեզա Տէմժանովիչին ծնած է 1901-ին, Պայոն քաղաքին մէջ, եւրոպացի շատ հաւատացեալ գաղթական ընտանիքի մը յարկին տակ։
8 դեկտեմբեր 1924-ին, աւարտելէ ետք ուսումները, Տիրոջ ձայնին հետեւելով կը մտնէ ''Սիրոյ քոյրերու'' վանքը։
Հազիւ վանք մտած, Քոյր Միրիամի խոստոնավահայրը եւ Միաբանութեան մեծաւորուհին, անորմէ կը խնդրեն մտածականներ պատրաստել՝ հոգեւոր կրթութեան համար։ Քոյր Միրիամի գրած խորհրդածութիւնները հետագային տպագրուեցան ''Առաւել Կատարեալ'' տիտղոսի տակ մտածականներու հաւաքածոյին մէջ։
8 մայիս 1927-ին, 26 տարեկանին, հիւանդութեան պատճառաւ Քոյր Միրիամ իր մահականցուն կը կնքէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.