2014-10-04 12:13:55

Սուրբ գիրքի 15000 օրինակներ կը բաշխուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։


Կիրակի, 5 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Սուրբ Գիրքի 15000 օրինակները հաւատացեալներուն պիտի բաշխուին ձրիաբար։
Սուրբ գիրքի բաշխումի նախաձեռնութիւնը կազմակերպած է ''Փաուլինա'' միաբանութիւնը, նշելու հիմնադրութեան 100 ամեակը ու յատկանշելու ''Ընտանիքին'' մասին գումարուած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։
''Փաուլիներու'' միաբանութիւնը ` սոյն նախաձեռնութեամբ կ՛ուզէ վերյիշել 1960 թուականին տպագրատան հիմնադիրի կողմէ ստանձնած ջանքերը տպագրելով Սուրբ գիրքի մէկ միլիոն օրինակ, որպէս նպատակ ունենալով՝ Աստուծոյ խօսքը հասցնել ամէն մէկ տուն եւ մինչեւ հեռաւոր արուարձանները։







All the contents on this site are copyrighted ©.