2014-10-04 08:54:42

Մայր Աթոռի մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայկական Գրադարաններու Գ միջազգային համաժողովը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի աջակցութեամբ 6-7 Հոկտեմբերին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի» խորագիրով հայկական գրադարաններու երրորդ միջազգային համաժողովը:
Համաժողովը շարունակութիւնն է Օգոստոս 2009ին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի «Գրիգոր եւ Կլարա Զոհրապ» տեղեկատուութեան կեդրոնի կազմակերպած հայկական գրադարաններու առաջին համագումարին եւ «Երեւանը գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» եւ «Հայ գրատպութեան 500ամեակի» հանդիսութիւններու ծիրին մէջ 2012ին կազմակերպուած հայկական գրադարաններու երկրորդ միջազգային համաժողովին։
Ըստ Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած լուրերուն՝ համաժողովին ընթացքին քննարկումները պիտի ըլլան երեք հիմնական ուղղութիւններով՝ գրքափոխանակութեան կազմակերպում հայագիտական հաստատութիւններուն միջեւ, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ եւ Հայկական տպագիր ժառանգութեան ելեկտրոնային շտեմարաններու ստեղծում, որ իր մէջ կը ներառէ երկու՝ հայ հնատիպ գիրքի համահաւաք շտեմարանի եւ հայ պարբերական մամուլի համահաւաք շտեմարանի ստեղծման վերաբերեալ հարցեր:
Համաժողովին անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ հայկական գրադարաններուն եւ հայագիտական կեդրոններուն մէջ հայ հնատիպ գիրքերու առկայութեան, եզակի հաւաքածոներու թուայնացման ուղղութեամբ կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն, հաւաքածոներու ելեկտրոնային մատենագիտական նկարագրման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, համացանցին վրայ հայագիտական հաւաքածոներու տեսանելիութեան, հազուագիւտ հաւաքածոներու պահպանման ու վերականգնման հարցերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.