27 Դարձեալ եկան Երուսաղէմ: Երբ կը քալէր տաճարին մէջ, քահանայապետները, դպիրներն ու
երէցները եկան անոր, 28 եւ ըսին. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կ'ընես այդ բաները. ո՞վ տուաւ
քեզի այդ իշխանութիւնը` որ ընես այդ բաները»: 29 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ես ալ
ձեզի՛ հարցնեմ բան մը. պատասխանեցէ՛ք ինծի, ու ես պիտի ըսեմ ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ
կ'ընեմ այդ բաները: 30 “Յովհաննէսի մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր` թէ մարդոցմէ”: Պատասխանեցէ՛ք
ինծի»: 31 Անոնք կը մտածէին իրենց մէջ` ըսելով. «Եթէ պատասխանենք. “Երկինքէն”, պիտի
ըսէ. “Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր”: 32 Իսկ եթէ պատասխանենք. “Մարդոցմէ”...»: Կը
վախնային ժողովուրդէն, որովհետեւ բոլորը ի՛րապէս մարգարէ *կը նկատէին`` Յովհաննէսը: 33
Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. «Չենք գիտեր»: Յիսուս ալ պատասխանեց անոնց. «Ես ալ չեմ ըսեր
ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ'ընեմ այդ բաները»: