2014-10-03 16:41:16

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը՝ Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու ժողովի մասնակիցներուն։


Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու տարեկան լիանիստ ժողովի առթիւ, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը, հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերին ընդունելով ժողովի մասնակիցները անոնց յանձնեց Ճառ մը, որուն մէջ մեկնելով ժողովին ''ընտանիք եւ Եւրոպային ապագան'' գլխաւոր նիւթէն, հաստատեց թէ սոյն ժողովը առիթ կը հանդիսանայ միասնաբար խորհրդածելու եւ արժեւորելու ընտանիքը՝ որ է հիմնական աղբիւրը հովուական խնամակալութեան վերանորոգման։
Ֆրանչիսկոս Պապը կարեւոր նկատեց հովիւներու եւ ընտանիքներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ խոնարհութեան եւ երկխօսութեան հոգիով, որպէսզի Ժողովրդապետական հասարակութիւնները վերածուին ''ընտանիքներու ընտանիք''։ Այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ թէ ընտանիք մը որ լաւ կը կատարէ իր միսիոներական առաքելութիւնը իր անդամներուն հանդէպ՝ սիրոյ դպրոց մըն է որ կը պատրաստէ հասուն եւ պատասխանատու քաղաքացիներ։ Ընտանիքի եւ եկեղեցւոյ միջեւ լայն համագործակցութիւնը կը նպաստէ արդարութեան, աջակցութեան , խաղաղութեան, եւ քաջութեան հոգիի հասունութեան։ Ծնողները՝ կը մնան իրենց զաւակներու առաջին դաստիրակները, ուստի իրաւունքը ունինք զանոնք կրթելու ըստ իրենց բարոյական եւ կրօնական համոզումներուն։ Այս ուղղութեամբ հարկաւոր է զարգացնել կաթողիկէ հաստատութիւններու հովուական ուղեգիծերը ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ճառը եզրափակելով քաջալերեց ժողովական հայրերը՝ Եւրոպայի զանազան եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութիւնը զարգացնել, դիւրիննացնելով համագործակցութիւնը ի նպաստ արդիւնաւոր Աւետարանումին։
Ձեզ կը հրաւիրեմ ըլլալ ''Մարգարէական ձայն՝՝ մը ընկերութեան մէջ, յատկապէս հոն ուր, համաշխարհայնացումի գործընթացը որ տեղի կ՛ունենայ եւրոպական ցամաքամասի մէջ, մէկդի կը դնէ Աստուծոյ մասին Խօսելու հնարաւորութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը աւարտելով ու ներկաներուն վրայ հայցելով վրայ Տիրամօր եւ Եւրոպայի սուրբերու բարեխօսութիւնը ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.