2014-10-03 14:18:55

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Սրի Լանքայի նախագահին հետ։


Ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սրի Լանքայի հանրապետութեան նախագահը ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Սրի Լանքայի նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիին հետ։
Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ Երկրին ներկայ իրավիճակի մասին, յատկապէս ընդգծելով արձանագրուած ընկերային եւ տնտեսական զարգացումը եւ յոյս յայտնելով յանգիլ քաղաքացիներու ձգտումներուն համապատասխանող լուծումներու ։ Այս առընչութեամբ յոյս յայտնուեցաւ որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սրի Լանքայ կատարելիք յառաջիկայ այցելութիւնը ընկալուի որպէս Նորին Սրբութեան մօտիկութեան նշան Սրի Լանքացի ժողովուրդին եւ որպէս քաջալերանք յարատեւելու հասարակաց բարիքի, հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս թափուած ջանքերու ուղղութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.