2014-10-03 13:54:19

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 3 հոկտեմբերի քարոզը ''Փրկութիւնը կու գայ Յիսուսէն, եւ ոչ թէ մարդոց կողմէ դրուած օրէնքներէն''։


''Հաւատալ Յիսուսին, որ է ամէն ժամանակի մարդոց փրկութեան պատգամաբերը թէ ապաստանիլ մարդոց կողմէ դրուած օրէնքներուն մէջ'' հարց տուաւ Քահանայապետը ուրբաթ, 3 հոկտեմբերին, Տոմուս Սանթայի Մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
''Աստուծոյ միակ բաղձանքն է փրկել մարդկութիւնը, բայց հարցը այն է, թէ յաճախ մարդն է որ կ՛ուզէ շարադրել փրկութեան կանոնները'' – ըսաւ Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր Յիսուս կ՛ակնարկէ իրեններունն իր դէմ մղած հակառակութիւններուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել կու տայ թէ ''անձնաւորութիւններն'' են որ յաճախ դուռերը կը փակեն Աստուծոյ մեզի յատկացուցած փրկութեան ծրագիրին դիմաց մինչ հաւատացեալ ժողովուրդը կը հասկնայ եւ կ՛ընդունի Յիսուսի բերած փրկութիւնը։ Ժողովուրդներու պետերը չեն հաւատար ողորմութեան ու ներումին մինչ հաւատացեալ ժողովուրդը կը հաւատայ թէ Յիսուս Վարդապետն է ու մեզի կը սորվեցնէ փրկութեան ճանապարհը։ Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հարցադրումներ կատարեց. Ես կը հաւատա՞մ որ Յիսուս Վարդապետն է կամ կը դիմեմ այլ վարդապետներու։ Կ՛ընտրե՞մ ապահով ճանապարհ մը, կամ կը դիմեմ մարդոց օրէնքներուն որոնց միջոցաւ իմ փրկութիւնս կը սակարկեմ, մինչ Յիսուս զայն կը շնորհէ ամենայն ձրիութեամբ։ Ու ապա` ես կը դիմադրե՞մ Յիսուսի փրկարար պատգամին - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով խորհրդածել այս հարցերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.