2014-10-03 10:30:08

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 3 հոկտեմբերի թուիթը նուիրուած ընտանիքին։


Յառաջիկայ 5 – 19 հոկտեմբեր, առ ի պատրաստութիւն Վատիկանի մէջ նախատեսուած Ընտանիքի նիւթին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթերեան ընկերային ցանցի միջոցաւ կը շարունակէ հրաւէր ուղղել հաւատացեալներուն աղօթելու եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական նիստերու դիտաւորութեան, շեշտը դնելով Ընտանիքի կարեւորութեան վրայ։
Ուրբաթ 3 հոկտեմբերին հրատարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ ''Երջանիկ ընտանիքները հիմնական են Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան համար'' ու ապա հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթել Սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.