2014-10-03 12:20:16

Կարդինալ Պալտիսսէրրին ներկայացուց եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային ծրագիրը։


Ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրի մամուլին ներկայացուց Վատիկանի մէջ կայանալիք եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի աշխատանքային ծրագիրը` որուն նիւթն է ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս''։
Զեկոյցին սկիզբը, Կարդինալ Պալտիսսէրին յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր քահանայապետութեան առաջին օրէն իսկ` ընդգծած էր Հովուական գործունէութեան ուղեգիծ մը որ կը հայի նաեւ Սիւնհոդոսն, այն է ''Քալել, կառուցել եւ խոստովանիլ'', Եկեղեցւոյ մը մէջ որ յարատեւ բաց է առաքելութեան, աշխարհի ճանապարհներու վրայ։
Կարդինալ Պալտիսսէրի հուսկ մատնանշեց Պօղոս Զ քահանայապետի երանացան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ արտակարգ սիւնհոդոսի փակման արարողութեան ընթացքին եւ նշեց թէ վերոյիշեալ սիւնհոդոսի աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ 2015-ին գումարուած սովորական սիւնհոդոսի ընթացքին որուն նիւթը պիտի ըլլայ ''Ընտանիքի դերն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ''։ Ան ապա ներկայացուց սիւնհոդոսական հայրերու կազմը ու մասնակցող հայրերուն թիւը` 191, որոնց շարքին 61 կարդինալներ, 7 պատրիարքներ, 1 աւագ արքեպիսկոպոս, 67 արքեպիսկոպոս, 47 եպիսկոպոս, 1 օգնական եպիսկոպոս, 1 գերյարգելի եւ 6 կրօնաւոր։ Ասոնց աւելցնելու ենք` 16 մասնագէտներ, 38 ունկնդիրներ, 8 քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ 12 զոյգեր։

Կարդինալ Պալտիսսէրին խօսեցաւ ապա Սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներու մասին ու ներկայացուց ներկայ սիւնհոդոսի աշխատանքային ծրագիրը, օրակարգը եւ շօշափուելիք առօրեայ նիւթերը.
Աստուծոյ ծրագիրը սուրբ պսակի եւ ընտանիքի նկատմամբ։
Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնը եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի մասին վարդապետութիւնը։
Ընտանիքի աւետարանը եւ բնական օրէնքը։
Ընտանիքը եւ անհատի կոչումը Քրիստոսի մէջ։
Ընտանիքներու հովուական խնամատարութիւնը եւ ներկայացուած առաջարկները։
Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները։
Հովուական դժուար պարագաները։
Կեանքի ի նպաստ հովուական մարտահրաւէրները։
Եկեղեցին եւ Ընտանիքը դաստիարակութեան մարտահրաւէրին դէմ յանդիման։
Ամենօրեայ առաւօտեան նիստերը սկիզբ կ՛առնեն ժամը 9-ին եւ վերջ կը գտնեն 12,30-ին մինչ յետմիջօրէի նիստերը կը սկսին 16,30-ին եւ վերջ կը գտնեն երեկոյեան 7-ին։ 11 եւ 12 հոկտեմբերին նիստերը դադար կ՛արձանագրեն։
Սիւնհոդոսական հայրերու աշխատանքներուն պիտի ընկերանան Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի` ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' մատրան մէջ կազմակերպուած ամենօրեայ աղօթքներն ու ծիսական արարողութիւնները։
Սիւնհոդոսի հանդիսաւոր բացումը տեղի կ՛ունենայ Կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած համապատարագով, զոր կը նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապը, մինչ փակումը նախատեսուած է` 19 հոկտեմբերին, Ս Պետրոսի հրապարակի վրայ նախատեսուած սրբազան արարողութեամբ, որուն ընթացքին երանելիներու շարքին պիտի դասուի Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ երջանկայիշատակ քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.