2014-10-03 09:48:01

Առաջին անգամուան համար Վատիկանի մէջ տիկին մը կը նշանակուի անդամ Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին:


''Կիները շատ բան ունին տալիք Եկեղեցւոյ, շնորհիւ իրենց խարիսմին ու անհատական իւրայատկութեան'', յայտարարած է կրօնաւորուհի Լուչիա Բրեմոլի` որ վերջերս նշանակուեցաւ որպէս անդամ Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին։
Կրօնաւորուհի Լուչիա Բրեմոլի` ընդհանուր մեծաւոր Քոմպոնեան իգական միաբանութեան, ի լուր անուանումին յայտնած է իր զարմանքն ու ցնծութիւնը։ Այս նշանակումով, ըսած ան, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կամքը դրական կը դառնայ։ Ան միշտ ուզած է որ կիները բարձրաստիճան դիրք մը գրաւեն Եկեղեցւոյ մէջ։
Կրօնաւորուհի Լուչիա Բրեմոլի, 23 տարեկանին անդամ դարձած էր Քոմպոնեան իգական միաբանութեան, 8 տարի պաշտօնավարեց Մոզամբիկ եւ այլ 8 տարիներ Պրազիլ, ուր տեղական մեծաւորուհի եղած է։ 2010-ին ընտրուեցաւ որպէս իր միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի։








All the contents on this site are copyrighted ©.