2014-10-03 17:25:08

Այսօր վերջ կը գտնէ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու առաքելական նուիրակներու ժողովը հայող Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։


Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով, 2 – 4 Հոկտեմբեր 2014, Վատիկանի մէջ գումարուած մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակներու եւ Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուներուն ժողովը որուն գլխաւոր նիւթն էր ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւման հարցը''։
Ժողովին մասնակցեցան Եգիպտոսի, Իսրայէլի, Երուսաղէմ/Պաղեստինի, Յորդանան/Իրաքի, Լիբանանի, Սուրիայի եւ Թուրքիոյ առաքելական նուիրակները ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոմիութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտերը, մինչ Հռոմի Քուրիայէն կը մասնակցին Վատիկանի Պետքարտուղարի գլխաւորութեամբ, անոր փոխանորդը, ենթաքարտուղարը, եւ Վատիկանի արտգործ նախարարը, ապա Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, որ վերջերս Իրաք մեկնած էր որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի, միջ կրօնական երկխօսութեան, քրիստոնեաներու միութեան, խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդներու պատասխանատուները եւ Քոր Ունում - մէկ սիրտ - քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան անդամները։
Ժողովը սկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերի առաւօտեան։ Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց անձամբ ներկայ գտնուիլ վերոյիշեալ ժողովի բացումին եւ այս առթիւ ժողովականներուն ուղղած խօսքին մէջ յայտնեց իր խոր մտահոգութիւնը ի տես զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն եւ ահաբեկչական արարքներուն։ Ան ապա ակնարկեց ապօրինի զինավաճառութեան հարցին որ բազմաթիւ խնդիրներու հիմքն է, ինչպէս նաեւ մարդկայնական ողբերգութեան որուն զոհ են բոլոր անոնք որ ստիպուած եղած են հեռանալ իրենց երկիրներէն։
Սրբազան Հայրը ապա ընդգծելով աղօթքի կարեւորութիւնը յոյս յայտնեց որ ժողովականները կարենան նոր նախաձեռնութիւններ առաջարկել, Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ցուցաբերելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ միջազգային հասարակութիւնն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը ներգրաւեն, համապատասխանելու շրջանի մէջ ապրող անհատներուն կարիքներուն։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի արտասանած խօսքէն ետք, խօսք առաւ Պետական Քարտուղարը ու ապա զեկոյց ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը որմէ ետք տեղի ունեցան Միջին Արեւելքի առաքելական նուիրակներու միջամտութիւնները։
Յետմիջօրէին ''Մէկ Սիրտ - Քոր Ունում'', բարեսիրական հաստատութեան նախագահը ժողովականներուն ներկայացուց Սուրբ Աթոռի մարդասիրական գործունէութիւնները ի սպաս արեւելքի քրիստոնեաներուն, ապա խօսք առին քահանայապետական միջկրօնական խորհուրդի նախագահը եւ Քահանայապետի Իրաքի համար յատուկ պատուիրակ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Տիլոնին։
Ուրբաթ, 3 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստին ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` ժողովականներուն ներկայացնելով միջին արեւելքի քաղաքական կացութեան մասին ակնարկ մը եւ Սուրբ Աթոռի ներգործութեան հիմնական սկզբունքները, մատնանշելով թէ խաղաղութեան փնտռտուքը պէտք է անցնի երկխօսութեան ճանապարհէն, նկատի առնելով բոլոր կողմերու պահանջները եւ ձգտելով շրջանային լուծումի, եւ ոչ թէ միակողմ ուժի կիրարկումին։
Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը մատնանշեց նաեւ կրօնապետերու կարեւոր դերին` յաղթահարելու ծայրայեղութիւնը, զարգացնելով կրօնական երկխօսութիւնը ու բոլորին միջեւ համագործակցութիւնը հասարակաց բարիքին ի սպաս։ Ան ապա նշեց թէ Սուրբ Աթոռը, շրջանի իսլամ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու շրջագիծէն ներս, որպէս հիմնական հարց կը նկատէ քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը ու անոնց հանդէպ յարգանքը որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքի պաշտպանութիւնը ու յատկապէս կրօնական ազատութիւնը։
Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարէն ետք խօսք առաւ Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի մօտ առաքելական նուիրակը ներկայացնելով Իսրայէլ - Պաղեստին հարցը եւ Քրիստոնեաներու Սուրբ Երկրի մէջ ներկայութեան մասին տուեալներ, նկատել տալով թէ Միջին Արեւելքի խաղաղութիւնը կախեալ է նաեւ Իսրայէլ-Պաղեստին հարցի լուծումէն։ Զեկոյց ունեցաւ նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, խօսելով Միջին Արեւելքի այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հետ կապերու եւ յարաբերութիւններու մասին։ Յետմիջօրէին քննարկուեցան գաղթականներու հարցը եւ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը զարգարնելու հարցը։ Նիստը վերջ գաւ ժամասացութեան աղօթքով եւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ նախատեսուած եղբայրական ագաբով։
Մինչ շաբաթ 4 հոկտեմբերին ժողովականները մասնակցեցան Առաքելական Պալատի Պօղոսեան մատրան մէջ Կարդինալ Փարոլինի մատուցած Սուրբ Պատարագին որմէ ետք տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում եւ գործնական ծրագիրներու հայող եզրակացուցիչ ուղեցոյց։









All the contents on this site are copyrighted ©.