2014-10-02 08:50:40

Տարեցներու օրուան առիթով քաղաքապետարանը նուէրներ յանձնած է մէկ դարը բոլորած 22 քաղաքացիի։


“Երեւան` իմ տուն” հասարակական աջակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս տարեցներու միջազգային օրը հաճելի անակնկալ մատուցուած է Երեւանի մէջ բնակող 100 եւ աւելի բարձր տարիք ունեցող 22 տարեցներու: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի մամուլի ծառայութենէն:
Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու պատասխանատուները այցելած են բոլոր տարեցներուն եւ Երեւանի քաղաքապետի անունով շնորհաւորելով ու առողջութիւն մաղթելով` յանձնած նուէրներ:
Ծրագրին մէջ ընդգրկուած մէկ դարը ամբողջացուցած քաղաքացիներուն մէջ են նաեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածները:








All the contents on this site are copyrighted ©.