2014-10-02 09:15:54

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը ընդգծեց նախազգուշական արշաւի մը կազմակերպութեան կարեւորութիւնը` ի դէմ ահաբեկչական խմբաւորումներուն վտանգին։


Չորեքշաբթի, 1 հոկտեմբերին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուդի նիստը նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին։
Նիստի աւարտին հրապարկուած հաղորդագրութեամբ մը Մարոնի Եպիսկոպոսները յայտրարած են, թէ պէտք է յստակ եւ անկեղծ կեցուածք որդեգրել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ նախազգուշական արշաւ մը կազմակերպել` ահաբեկչական խմբաւորումներուն ներկայացուցած վտանգին դէմ։
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը զօրակցութիւն ցուցաբերեց` առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն եւ անոնց ցաւերուն նկատմամբ հասկացողութիւն։
Եպիսկոպոսները ապա կոչ ուղղեցին բոլորին զօրակցելու զինուորական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերուն, որովհետեւ անոնք են, որոնք երկիրը կը փրկեն վտանգներէն:
Անդրադառնալով խորհրդարանին կողմէ գումարուող օրէնսդրական նիստին, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաստատեց, որ օրինական միակ անհրաժեշտութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ անկէ բացի կատարուած աշխատանքները սահմանադրութեան խախտում են:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց մարդավաճառութիւնը, թմրեցուցիչի մաքսանենգումը, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած գաղթական կիներու մարմնավաճառութեան մարզին մէջ շահագործելու արարքները եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան բարոյական անձեռնմխելիութիւն պարտադրելու` լիբանանեան ընկերութիւնը այդ վտանգներէն փրկելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.