2014-10-02 08:52:33

Հայաստան պէտք է նպաստէ սփիւռքի Հայկական դպրոցներու պահպանման յայտնեց Վարչապետ Աբրահամեան։


Սփիւռքի հայկական դպրոցներու պահպանութեան համար միջոցներ պէտք չէ խնայել, յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Չորեքշաբթի, 1 Հոկտեմբերին, Սփիւռքի նախարարութիւն կատարած այցին ընթացքին:
Վարչապետը սփիւռքի նախարարութեան 6ամեայ գործունէութեան ամփոփման նուիրուած ձեռնարկին մասնակցած էր եւ այդ առթիւ մօտէն ծանօթացած աշխատակազմի անդամներուն:
«Տիկին նախարար, Սփիւռքի հայկական դպրոցների պահպանութեան հարցում եւս միջոցներ չի կարելի խնայել, եւ ՀՀ կրթութեան ու գիտութեան նախարարի հետ ջանք չպէտք է խնայէք՝ այս ուղղութեամբ դրական արդիւնքներ արձանագրելու եւ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար», յայտարարած է Յովիկ Աբրահամեան:
Վարչապետը, բարձր գնահատելով սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, ընդգծած է գերատեսչութեան դերի կարեւորութիւնը նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.