Կրօնի մասին նշուած այս զանազան տեսակէտները ներկայացնելէ
ետք, փորձենք կատարել «կրօն» հայերէն բառին ստուգաբանութիւնը եւ ըմբռնումը: «Կրօն»
հայերէն բառին ծագումը ոմանք կը բացատրեն «կրել, ստանձնել, յանձնառու դառնալ», ուստի
պաշտել(ծառայել) ու պաշտամունք ընել իմաստներով: Իսկ ուրիշներ «կրօն» բառին ստուգաբանութիւնը
կը կապեն «կիր» կամ «կիրք» բառերուն, զգացական պահանջքի իմաստով: Սակայն ինչ ալ
ըլլայ բառին ստուգաբանութիւնը, կրօնը իմացական մարդուն եւ Գերագոյն Էակին միջեւ բազմատեսակ
յարաբերութիւններու արտայայտութիւնը կամ ամբողջութիւնն է: Գերագոյն Էակին եւ մարդուն
միջեւ այս յարաբերութիւնները երեք հանգրուաններու կը բաժնուին. Առաջին հանգրուանին`
մարդը կը ճանչնայ Գերագոյն Էակի մը գոյութիւնը իր մտքին զօրութեամբ եւ կ'ընդունի անոր
գերակայու-թիւնը: Երկրորդ հանգրուանին` մարդը կ'ընդունի Գերակայ Էակը իբր իր տէրը
եւ կը խոնարհի անոր իշխանութեան առջեւ: Երրորդ հանգրուանին` մարդը ընդունելէ ետք իր
ենթակայութիւնը Գերագոյն Էակին հանդէպ, զայն կ'արտայայտէ պաշտամունքով` զանազան ձեւերու
տակ` աղօթք, երգ, պար, ողջակէզ:
Կրօնի մը ծագման հիմնակէտը երեք տեսակ
է, նախ`բնութիւնը, ինչպէս արեւ, անձրեւը, ապա հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը` ինչպէս
Պուտտան, եւ հուսկ աստուածային յայատնութիւն մը: ա- Բնութիւնը – Ասիկա բնական կրօնն
է, ծնած`բնութենէն` առանց վարդապետութեան կամ ուսումնասիրութեան մը մշակումին: բ-
Հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը- Մեծ իմաստունի մը կողմէ յղացուած կամ մշակած կրօնն է,
որուն կ'ընկերակցին վարդապետա-կան կամ բարոյական տեսութիւններ կամ խրատներ, ինչպէս Պուտտա,
Կոնփուկիոս: գ- Աստուածային յայատնութիւն մը – Ուղղակի Աստուծոյ կիղմէ անձի մը յայտնուած
միաստուածութեան կրօնն է, որ գրի առնուած է գիրքի մէջ, ինչպէս` քրիստոնեաներուն Աստուածաշունչը,
հրեաներուն Թալմուտը, իսլամներուն Գորանը: