2014-10-02 09:16:03

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովը Հռոմի մէջ


2-էն 4 հոկտեմբեր, Հռոմի Տոմուս Փաչիս կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՝ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովը։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի համահաւաք դասերու նախագահները, Եւրոպական հաստատութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչները։ Նշենք, թէ ժողովի մասնակիցները, ուրբաթ, 3 հոկտեմբերին, հանդիպում կ՝ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։
Ժողովին սկիզբը, բացման խօսքով ելոյթ կ՝ունենան Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` Կարտինալ Փիթէր Էրտօն, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն եւ Իտալիոյ մօտ Առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Ատրիանօ Պէրնարտին։
Ժողովը կը կատարուի դռնփակ, ի բացառեալ բացման արարողութենէն, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին զանազան նիւթեր հայող ընտանիքին յատկապէս ընտանեկան կառոյցին եւ անոր առնչուող տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն ժամանակակից Եւրոպայի մէջ։
Քննարկումի նիւթ պիտի հանդիսանայ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի խորհրդածութիւնները` ընտանիքի մասին եւ անոր հովուական մարտահրաւէրները ինչպէս նաեւ ընտանիքի հայող եկեղեցական իրաւական կարելիութիւնները ։
Եւրոպայի եպիսկոպոսաց դասը` ժողովին ընթացքին պիտի արծարծէ եւրոպական քաղաքական հարցեր որուն մասին պիտի զրուցէ Պրիւքսէլի մօտ Առաքելական նուիրակը եւ վերջերս նորանշանակ Եւրոպայի խորհրդարանի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Փաուլօ Ռուտէլլի։
Ընդհանուր ժողովի զրուցողներու շարքին են նաեւ Կարտինալ Մարք Ուէլլէն Եպիսկոպոսաց ժողովի նախագահը եւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք գերերջանիկ Ֆուատ Թուալը։
Նիստերու աւարտին, 4 հոկտեմբերի յետմիջօրէին ժամը 2.30-ին մամլոյ ասուլի կը տրուի, Վատիկանի Ռատիոկայանի Մարքոնի սրահին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ կ՝ունենան Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը Կարտինալ Փիէր Էրտոն եւ փոխ նախագահ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքօն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.