Յառաջիկայ Հոկտեմբեր 2014-ի ամսուայ ընթացքին (5 – 19), Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ
եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոդը նուիրուած Ընտանիքի հովուական հոգաբարձութեան մարտահրաւէրներուն։
Այս առթիւ շաբաթ 4 հոկտեմբերի երկոյեան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,
Սուրբ Պետրսոի հրապարակի վրայ կը գլխաւորէ աղօթքի հսկում, առ ի պատրաստութիւնը սիւնհոդոսական
նիստերուն։ Հսկումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հինգ ցամաքամասերու 253 ներկայացուցիչները`
եպիսկոպոսական դասերու նախագահներ, Արեւելեան կաթողիկէ համայնքներու հովուապետեր, Վատիկանի
վերին վարչութեան կառավարիչներն ու նախագահները, կրօնաւորներներ քոյր եկեղեցիներու պատուիրակներ,
ունկնդիրներ, եւ մասնագէտներ։ Իսկ Կիրակի 5 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ
Պետրոսի մայր տաճառին մէջ, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի բացման
առթիւ` սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ 12 Հոկտեմբերին միշտ Սուրբ Պետրոսի մէջ, Նորին
Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Քանատացի երկու սուրբերու` Ֆրանչէսքօ Տէ լաւալ եւ Մարիա Տէլլ
Ինքարնացիոնէի, սուրբ պատարագի գոհաբանական արարողութիւնը որուն կը մասնակիցն Քէպէքէն
ժամանած ուխատւիորներ։ Կիրակի 19 հոկտեմբերի ժամը 10,30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի
վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի եզրափակիչ
սուրբ պատարագը որուն ընթացքին երանելի կը հռչակէ` Աստուածոյ Ծառայ երջանկայիշատակ Պօղոս
Զ Սրբազան Քահանայապետը, իսկ յաջորդ օրը, Երկուշաբթի 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ
Սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ կարտինալական ժողով յատկացուած մի քանի սուրբերու
դատի սրբադասումին։