2014-09-30 10:28:40

Կարդինալ Քոխի գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ոչ մէկ դիտաւորութիւն ունի յեղաշրջելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուսուցումը։


''Ֆրանչիսկոս Պապը կը մտի աւելի հոգեւոր բարեփոխութիւններ ներմուծել քան կառուցային նորոգութիւններ''։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ոչ մէկ դիտաւորութիւն ունի յեղաշրջելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուսուցումը հաստատած է կարդինալ Քոխ` գերմանական մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, ընդգծելով որ իր քաղաքապետութեան ընթացքին այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ նշան տուած է։
Սրբազան Քահանայապետը տարբեր մօտեցում ունի այդ ուսուցումին հանդէպ եւ հարց կու տայ թէ ինչպէս կարելի է զայն ապրիլ առօրեայ կեանքին մէջ։ Կարդինալը` ''յարգալիր վիճաբանութիւններ'' կ՛ակնկալէ ''Ընտանիքի'' եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին, որուն աշխատանքները սկիզբ կ՛առնեն 5 հոկտեմբեր 2014-ին։
Կարդինալ Քոխ հաստատեց նաեւ թէ ''հոգեւոր բարենորոգումը'' աւելի կարեւոր է քան կառուցային բարեփոխութիւնը։ Մենք ամէնքս կաշխատինք ի սպաս Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին, քանի համոզուած են որ մենք Եկեղեցւոյ տէրերը չենք։









All the contents on this site are copyrighted ©.