2014-09-30 09:55:56

Կարդինալ Փարոլինը ՄԱԿ-ին. ''ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքար''։


Աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումը ապահովելու համար` անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի նորոգուած յանձնառում ահաբեկչական նախայաձակումներուն դէմ։ Այսպէս արտայատուեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտդինալ Փիէթրօ Փարոլինը, Նիւ Եորքի մէջ կայացած, ՄԱԿ-ի 69-րդ լիանսիտ գումարի առթիւ, խօսելով աշխարհի մէջ տիրող ճգնաժամի մասին։

Զեկոյցին կեդրոնական նիւթ եղան նաեւ Քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած հալածանքները։

Իմ գլխաւորած պատուիրակութիւնս – ըսաւ Կարդինալը – կը փափաքի վերյիշեցնել թէ օրինական եւ հրատապ է դիմել բազմակողմ գործողութեան ու համաչափ ուժի կիրարման, կասեցնելու համար ոտնձգութիւնները, սակայն մեր պատասխանատութիւնն է նաեւ պաշտպանել անմեղներն ու տկարները''։ Վատիկանի դիւանագէտը պարզեց նաեւ յուսախափութիւնը ի տես միջազգային հասարակութեան անկարողութեան եւ լռութեան, լուծումներ գտնելու Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ հարցերուն։

''Ձեր հետ այսօր – ըսաւ Կարդինալը - չեմ կրնար չխօսիլ այն բազմաթիւ քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն, վերջին ամիսներուն, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կրած հալածանքներուն մասին։Անոնց կարիքները պէտք են մեզի համար ըլլան յարատեւ յանձնառում, յարգելու եւ պահպանելու ամէն անհատի արժանապատութիւնը, այնպէս ինչպէս ստեղծուած են Աստուծմէ։

Կարդինալ Փարոլին ապա ընդգծեց ՄԱԿ-ի միասնական գործողութեան մը անհրաժեշտութիւնը, հասարակաց բարիքին համար, խուսափելով փոխհրաձգութիւններէն եւ ''Վեդոներէն'' ու մաղթանք յայտնեց որ ՄԱԿ-ը կարենայ գործել նորոգուած յանձնառումով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.