2014-09-29 12:12:01

Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ խորհուրդը կը դատապարտէ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ աւերումը


Ի համերաշխութիւն հայ եկեղեցւոյ Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ խորհուրդը կը դատապարտէ իսլամական պետութեան կողմէ իրականացուող եկեղեցիներու աւերումը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցին սարսափով եւ զայրոյթով արձագանգած է
իսլամական պետութեան կողմէ սուրիական ՏԷր Զօրի հայկական Սրբոց
նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցման:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի Առաջնորդ Սրբազան Գարեգին Տիգրան Բեկչեանին ուղղուած համերաշխութեան նամակին մէջ Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Նիկոլաուս Շնայտերը եւ արտերկրի հարցերով եպիսկոպոս Փեթրա Պոսէ-Հուպերը իրենց կարեկցանքը յայտնած են:
«Մենք գիտենք, որ այս եկեղեցին նաեւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր էր, որ կը յաւէրժացնէր 1915թ. hայ քրիստոնեաներու նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուածի յիշատակը: Տեղեակ ըլլալով այս սարսափելի աւերիչ գործողութիւններուն` կը խնդրեմ վստահ եղէք, որ մենք մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք հայ հաւատացեալ
քոյրերուն եւ եղբայրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կը տառապին իսլամական պետութեան գործողութիւններէն, եւ կ’աղօթենք անոնց համար»,– ըսած են անոնք:








All the contents on this site are copyrighted ©.