2014-09-27 10:39:24

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Վատիկանի Պետական ոստիկանութեան պաշտպան Սուրբ՝ Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնին եւ հիմնադրութեան 198-րդ ամեակի առթիւ։


Վատիկանի Պետական ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ` Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնին եւ ոստիկանութեան հիմնարկութեան 198 ամեակի առթիւ, ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին, Ֆրանչիկսոս Պապը, ոստիկանապետ` Տիար Տոմէնիքօ Ճանի յղած պատգամին մէջ, յայտնած է իր երախտագիտութիւնն ու համակրանքը ոստիկաններու հաւատարիմ եւ առատաձեռն ծառայութեան ի սպաս եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետին։
Ֆրանչիսկոս Պապը, պատգամին մէջ քաջալերած է ոստիկանները յարատեւելու իրենց թանկագին ծառայութեան մէջ՝ համբերութեամբ, խաղաղութեամբ եւ նուիրումի հոգիով։
Սրբազան Հայրը խնդրած է ոստիկաններէն վստահիլ Տիրոջ հաւատարմութեան որ միշտ նեցուկ կը կանգնի բոլորին եւ երբեք չի դաւաճաներ։ Ան ապա յանձնարարած է վստահիլ Տիրամօր մայրական պաշտպանութեան եւ ոստիկաններու Պաշտպան սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին աւարտին իւրաքանչիւր ոստիկանի ու անոր ընտանեկան պարագաներուն շնորհած է իր Առաքելական օրհնութիւնը։
Նշենք, թէ վերոյիշեալ պատգամի ընթերցումը կատարեց Վատիկանի Պետական քարտուղարի փոխանորդ` գերապայծառ Անճէլօ Պէչչու, Ուրբաթ 26 սեպտեմբերին յետմիջօրէին ժամը 6.30 ին, Վատիկանի թանգարանի պարտէզներու մէջ այս առթիւ կայացած հիւրասիրութեան ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.