2014-09-27 13:52:55

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի Կարտինալ Փարոլինի պատգամը Քարաքասի մէջ կայացած խաղաղութեան ի սպաս միջ-կրօնական հանդիպումին։


Ուրբաթ, 26 սեպտեմբերին, Վէնէզուէլլայի Քարաքաս մայրաքաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ Միջ-կրօնական հանդիպում, ներկայութեամբ բարձրաստիճան քաղաքական, անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ զանազան կրօններու պատկանող գերագոյն հոգեւոր պետերու։
Այս առթիւ, յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինը պատգամ մը ուղղեց հաւաքի մասնակիցներուն որուն ընթերցումը կատարեց Վէնէզուէլլայի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Ալտօ Ճորտանօն։
Վատիկանի Պետքարտուղարը` պատգամին մէջ փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողջոյնն ու քաջալերանքը կրկնապատկելու միասնական ջանքերը, որպէսզի բարի կամք ունեցող մարդոց մէջ խաղաղութեան հուրը լուսաւորէ բովանդակ ընկերութիւնը։
''Պէտք չէ վախնալ խաղաղութենէն եւ միատեղ համակեցութենէն'' գրեց կարդինալը իր պատգամին մէջ ընդգծելով թէ ''հաշտութիւն եւ միասնականութիւնը պարտութիւն չէ ոչ ալ կորուստ այլ՝ յաղթանակ, որովհետեւ յաղթողը մարդ արարածն է որ ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ, ապրելու համար համերաշխութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ։
Քրիստոսի օրինակով որ իր մահուամբ կործանեց ատելութեան պատնէշն ու բաժանումները թող օգնէ ձեզ կառուցանելու արդար եւ ճշմարիտ ընկերութիւն՝՝։
Սոյն յոյսով եւ Տիրամօր բարեխօսութեամբ , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը շնորհէ բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը եւ կը խնդրէ ձեզմէ որ աղօթէք իրեն համար՝՝ գրեց կարդինալ Փարոլինը, յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուղղած իր պատգամի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.