2014-09-27 09:58:42

Գերապայծառ Ալվարօ Տէլ Փորթիլլօն Երանելի կը հռչակուի


Շաբաթ, 27 սեպտեմբերին, Մատրիտի մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարտինալ Անճելօ Ամաթօյի նախագահութեամբ տեղի կ՝ունենայ Գերապայծառ Ալվարօ Տէլ Փորթիլլօյի երանացման արարողութիւնը ։
Գերապայծառ Ալվարօ Տէլ Փորթիլլօ ծնած եւ ապրած է Հռոմ ՝ 11 մարտ 1914-ին։
1935 թուականին, Հայր Ալվարօ Մատրիտի մէջ կը ծանօթանայ ու երկու ամիս ետք կ՛անադամակցի Սուրբ Խօսէ Մարիա Էսքրիվայի՝ 2 հոկտեմբեր 1928-ին հիմնած Օփուս Տէյի միաբանութեան։
Հայր Ալվարօ 19 տարեկանին, համալսարանական աշակերտութեան շրջանին իր մասնակցութիւնը բերած է եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ կրօն ուսուցանելով, Մատրիտի արուարձաններուն մէջ գտնուող աղքատ մանուկներուն խնամք տանելով ինչպէս նաեւ սննդեղէն բաժնելով աղքատ ընտանիքներուն։
25 յունիս 1944-ին, Մատրիտի մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի եւ հոն կը ծառայէ մինչեւ 1946 թուական որմէ ետք կը փոխադրուի Հռոմ ։
Հռոմի մէջ Հայր Ալվարօ կը համագործակցի Սուրբ Աթոռի հետ, ինչպէս նաեւ կը նշանակուի Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի զանազան յաձնախումբերու խորհրդատու։
26 յունիս 1975 -ին Օփուս Տէյ Միաբանութեան հիմնադիր՝ Սուրբ Խօսէ Մարիա Էսքրիվայի մահուընէ ետք, նոյն տարուայ 15 սեպտեմբերին միաբանութեան մեծաւոր կ՝ընտրուի Հայր Ալվարօն ։
6 յունուար 1991- ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, Հայր Ալվարօյին Եպիսկոպոս կը նշանակէ։
Օփուս Տէյի միաբանութեան մեծաւորութեան շրջանին, Հայր Ալվարօ, 20 զանազան երկիրներու մէջ հիմնած է բազմաթիւ, ընկերային, դաստիարակչական ենթակառոյցներ, որոնց շարքին նշենք Քոնկոյի մէջ նշանաւոր Մոնքոլ կոչուած հիւանդանոցը։
23 Մարտ 1994-ին, Սուրբ երկիր ուխտագնացութենէ վերադարձին, Հռոմի մէջ Հայր
Ալվարօ իր մահկանացուն կը կնքէ։
28 Յունիս 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը հրամանագիրով
մը վաւերացուց Հայր Ալվարոյի մարտիրոսական առաքինութիւններու թղթածրարը։.
5 յուլիս 2013-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այլ հրամանագիրով մը վաւերացուց Հայր Ալվարոյի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը որով Հայր Ալվարօ` փոքրիկ մանուկ մը որ սրտի կատուածի պատճառով մահացած էր, Հայր Ալվարոյի բարեխօսութեամբ՝ կէս ժամ ետք կեանքի կը վերադառնայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.