2014-09-27 11:06:53

Ասորի Պատրիարքը մտահոգ է Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներու իրավիճակով։


Ասորի կաթողիկէ պատրիարք` գերերջանիկ Ինքնատիոս Յովսէփ Գ Եունան, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով իր մտահոգութիւնը յայտնած է Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու իրավիճակով։
Անոնք մշտատեւ կը հարստահարուին, ըսած է Պատրիարքը, պարզապէս որովհետեւ մահմետական չեն։ Միջին Արեւելքի դարաւոր համակեցութենէ ետք ներկայիս հարցադրանքի տակ է հանդուրժողականութեան գաղափարը` մարդկային թէ հոգեւոր ճշմարիտ ողբերգութիւն մը, յայտնեց Եունան պատրիարքը պարզելով Միջին Արեւելքի ներկայ ցաւալի իրավիճակը ու զայն որակելով որպէս ճշմարիտ արտահանում եւ ցեղասպանութիւն։
Նման կացութիւն մը 21-րդ դարուն կարելի չէ հանդուրժել եւ հակառակ է մարդկային հիմնական իրաւունքին։ Մինչեւ օրս քրիստոնեաները իրենց կարելին ըրին ապրելու իսլամներու հետ, այսօր կ'ուզեն զանոնք բնաջնջել։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կը գտնուին մեծ մարտահրաւէրի առջեւ։ Անոնք կանչուած են դիմադրելու եւ իրենց հաւատքի վկայութիւն տալու։ Սակայն ի՞նչպէս կարելի է կլոր սեղան նստիլ երբ դիմացինդ քեզ չուզեր ընդունիլ ու կը խորհի միմիայն քեզ բնաջնջել – հարց տուաւ Ասորի Պատրաիրքը ընդգծելով թէ ''Իսլամ կրօնապետերու պարտականութիւնն է բացայայտօրէն եւ բարձրաձայն դատապարտել բոլոր անոնք որոնք յանուն իսլամ կրօնի մարդասպանութիւն կը կատարեն։ Ասիկա մեծ ոճիր մըն է եւ հակառակ է Աստուծոյ կամքին։ Նման արարքներ հակառակ են քաղաքակրթութեան''։ Դժբախտաբար, դիտել տուաւ Պատրիարքը, մինչեւ օրս ոչ մէկ արաբ կառավարիչ եւ մասնաւորապէս Արաբական Ծոցի ոչ մէկ իշխան այդ ուղղութեամբ միջամտութիւն կատարած է։
Ասորի կաթողիկէ պատրիարքը ապա յայտնած է ''մենք կը շարունակենք աղօթել ու մնալ հաւատարիմ Յիսուսի։Ան է մեր Ճշմարտութեան Վարդապետը ''։
Նշենք որ իսլամ պետութեան մարտիկները յատկապէս յարձակում կատարած են Ասորի կաթողիկէ թէ օրթոտոքս հաւատացեալներու դէմ ու փլատակ դարձուցած` անոնց սրբավայրերը ու մշակութային կեդրոնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.