2014-09-26 13:44:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 25 սեպտեմբերի քարոզը ''Խաչը մեր Փրկութեան միակ Ճանապարհն է''։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ, 25 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր՝ Յիսուս Առաքեալներուն կը յայտնէ թէ Ինք Մեսեան է որ պէտք է չարչարուի եւ մերժուի բոլորին կողմէ, սպաննուի ու ապա յարութիւն առնէ։ Աշակերտները սակայն չուզեցին ընդունիլ Յիսուսի այս ծանր խօսքերը – ըսաւ Քահանայապետը – մատնանշելով թէ մեր փրկութեան ճանապարհը միայն այդ էր, Մեսիային չարչարանքն ու խաչը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադարձաւ Աստուծոյ անհուն սիրոյն` Այնքան վսեմ է Աստուծոյ Սէրը եւ այնքան տգեղ է մեղքը որ Աստուած ուզեց մեզ փրկել խաչի եւ չարչարանքի ճանապարհով։ Արդարեւ կարելի չէ հասկնալ փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը առանց խաչի հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''Փրկութեան ճանապարհը միայն խաչը կրելուն մէջն է'' ու մատնանշելով թէ Յիսուս մեզ կը պատրաստէ ըլլալու Սիմէոն Կիւրենացիին նման, որպէսզի Իրեն օգնենք խաչը կրելու համար ։
Քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ '' Քրիստոնէական մեր ինքնութիւնը եւս պէտք պահպանուի, գիտակից ըլլալով որ քրիստոնեայ ըլլալը արժանիք մը չէ, այլ հոգեւոր ուղեւորութիւնն մը դէպի կատարելիութիւն։ Արժանիք մը չէ այլ շնորհք է – եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.