2014-09-26 10:49:34

Վատիկանի Պետական քարտուղարի միջամտութիւնը ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդին առջեւ` հաւատացեալները կանչուած են դատապարտել կրօնի շահագործումը։


Վատիկանի Պետական քարտուղարը` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 24 Սեպտեմբեր 2014-ին, խօսք առնելով Նիւ Եորքի` ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդին առջեւ, որուն նիւթն է` ''խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան դէմ սպառնալիքը արդիւնքն է ահաբեկչական ներգործութիւններու'', կարդինալը հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը դիմագրաւել ահաբեկչութեան առաջնակարգ դրդապատճառները ինչպէս. աղքատութիւնը, լուսանցաքայնութիւնը ու արժէքներու ոչնչացումը։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը խնդրեց կառավարութիւններէն ու քաղաքացիական ընկերութենէն չբաւարարուելու իրաւական օրէնքներու ներդրումներով այլ դիմագրաւեն համայնքներու հարցերը, որպէսզի անոնց անհատները չդառնան ծայրայեղական եւ ահաբեկիչ, օգնելով զանոնք ըլլալու անբաժան մէկ մասը ընկերութեան։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը նաեւ վերահաստատեց որ կաթողիկէ եկեղեցին կը ներկայացնէ համաշխարհային հաւատքի հասարակութիւն մը եւ ապա մատնանշեց որ բոլոր կրօններու հաւատացեալները պէտք են դատապարտել կրօնական չարաշահութիւնը ծայրայեղներու կողմէ։
Ան իր միջամտութիւնը եզրափակեց մէջբերելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած խօսքը ''Ոչ ոք պէտք է ինքզինք նկատէ որպէս ''վահանը'' Աստուծոյ երբ կը ծրագրէ եւ կը գործադրէ բռնութիւնը եւ ուրիշը կարհամարհէ, նման արարքներ հակառակ են մարդու արժանաւորութեան ու անոր հիմնական իրաւունքներուն, մասնաւորապէս կեանքի պահպանումին եւ կրօնական ազատութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.