2014-09-26 09:20:07

Կիրակի, 28 սեպտեմբերը աղօթքի օր նուիրուած ''Ընտանիքի'' մասին յառաջիկայ եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին դիտաւորութեան։


Յառաջիկայ Կիրակի, 28 սեպտեմբերը, ընտրուած է որպէս աղօթքի օր, նուիրուած` ''Ընտանիքի'' մասին գումարուած եպիսկոպոսական Գ ընդհանուր եւ արտակարգ Սիւնհոդոսի դիտաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, 5 – 19 հոկտեմբեր 2014 եւ որուն նիւթն է ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրաջագիծէն ներս''։
Այս առթիւ` կղերական դասն ու հաւատացեալները հրաւիրուած են աղօթելու վերոյիշեալ սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին` ընտանիքին նուիրուած աղօթքը

Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ
Ձեր մէջ կը գտնենք ճշմարիտ սիրոյ վայելչութիւնը
Ու վստահութեամբ ձեզի կը դիմենք:

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք,
Մեր ընտանիքները նոյնպէս դարձուր
հաղորդութեան ու աղօթքի վերնատուներ,
Աւետարանի հարազատ դպրոցներ եւ ընտանեկան փոքրիկ եկեղեցիներ:

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք,
Թո´ղ ընտանիքները այլեւս երբե´ք
բռնութեան եւ բաժանումի փորձառութիւնը չունենան,
եւ անոնք որ վիրաւորուած եւ գայթակղուած են,
վերագտնեն մխիթարութիւնն ու ապաքինումը:

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք Թո´ղ յաջորդ սիւնհոդոսը
կարենայ բոլորին մէջ արթնցնել
ընտանիքի` սուրբ եւ անձեռնմխելի գիտակցութիւնը
եւ անոր գեղեցկութիւնը Աստուծոյ ծրագրին մէջ:

Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ լսեցէք եւ ընդունեցէք մեր խնդրանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.