Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԷՇԻ դիրքերուն վրայ դաշնակից ուժերու օդանաւային հարուածները կը շարունակուին
Դաշնակից ուժերու օդանաւերը շարունակեցին հարուածել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Չորեքշաբթի,
24 սեպտեմբերին, առաւօտեան օդանաւերը հարուածեցին Սարին շրջանին մէջ գտնուող դիրքեր
եւ ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման գիծեր եղող շրջաններ, իսկ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան
ընթացքին անոնք օդային հարուածներ հասցուցին ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ ամբողջովին
պաշարուած Այն Արապի (Քոպանի) մօտ գտնուող շրջաններուն: Մարդկային իրաւանց սուրիական
դիտարանը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի օր օդանաւեր Թուրքիոյ օդային տարածքէն մուտք գործած
են Սուրիա եւ հարուածած ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման գիծերը, սակայն «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ
թրքական աղբիւր մը հերքած է, թէ Թուրքիոյ օդային տարածքը կամ Ինճիրլիքի զօրակայանը օգտագործուած
է յարձակումը գործելու համար: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ
վարչապետի գրասենեակէն աղբիւրներ իրենց կարգին հերքած են լուրը: Նշենք, որ թրքական «Տողան»
լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 23 սեպտեմբերին
Նիւ Եորքի մէջ յայտնած էր, որ Թուրքիա կրնայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն մասնակցութիւնը
մերժող իր կեցուածքը փոխել եւ ներկայիս կը սերտէ դերակատարութիւն մը, որ «կը ներառէ ամէն
բան: Թէ՛ զինուորական, թէ՛ քաղաքական»` աւելցնելով. «Անշուշտ մեր բաժինը պիտի կատարենք»: Դաշնակից
ուժերու օդանաւերը նաեւ տասնեակներով յարձակումներ գործեցին Տէր Զօր նահանգի Իրաքի սահմանակից
Պուքամելի մօտ գտնուող Սինահա եւ Հաժանա շրջաններուն մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն
եւ դիրքերուն դէմ: Սէուտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին
զաւակը` Խալետ պըն Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ խումբ մը սէուտցի օդաչուներու հետ
մասնակցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդած
էր, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը յայտարարած է. «Օդաչու զաւակներս իրենց կրօնին,
հայրենիքին ու թագաւորին նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը կատարեցին»: «Սքայ Նիուզ»
իր կարգին հաղորդեց, որ դաշնակից ուժերու օդանաւեր ռմբակոծած են Ռաքքայի եւ Հալէպի գիւղական
շարք մը շրջաններուն մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: