2014-09-25 12:59:40

''Ոչ սնապարծ քրիստոնեաներուն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


Հինգշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ ս. զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին ընդգծեց թէ ''քրիստոնեաները նոյնիսկ երբ բարիք ընեն պէտք է խուսափին երեւնալու փորձութենէն''։
Յիսուս –ըսաւ Քահանայապետը – կը յանդիմանէ սնապարծները ''Երբ աղօթես, աղօթքդ ըրէ ծածուկ''։ Նոյնը պէտք է ըլլայ երբ աղքատներուն օգնենք – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը – հարկ չկայ որ փողեր հնչեցնենք։ Բաւարար է որ Հայրը տեսնէ''։
Սնապարծը կ՛ապրի երեւնալու համար։ Մէկ կողմէն եկեղեցւոյ նուիրատուութիւն կ՛ընէ, միւս կողմէն եկեղեցին կը խաբէ։ Տէրը կ՛ըսէ երբ ծոմ պահէք, մի մթագնէք ձեր դէմքը կեղծաւորներու նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն որպէսզի մարդոց յայտնի ըլլայ թէ ծոմ կը պահեն։ Ո՛չ ծոմդ պահէ ուրախութեամբ։ Ապաշխարէ ուրախութեամբ այնպէս որ ոչ մէկը անդրադառնայ –ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - մատնանշելով թէ Քրիստոնեային համար կարեւորագոյնը ըլլալու է` Տիրոջ հետ յարաբերութիւնը ու եղբայրսիրութեան գործունէութիւնը։ Ասոր համար Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ մեր տուները կառուցելու ժայռի վրայ ճշմարտութեան վրայ մինչ սնպարծները կը կառուցեն աւազի վրայ, եւ այդ տունը կը փլի որովհետեւ անկարող է դիմադրել փորձութիւններուն։ ''
Ինքնահաւանութիւնը անդորրութիւնը կը խլէ։ Կը նմանի այն անձերուն որ դիմայարդարուած են սակայն կը վախնան անձրեւէն որ յարդարը կրնայ անհետացնել''։
Միայն ճշմարտութիւնը խաղաղութիւն կը պարգեւէ - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը - , հաստատելով որ միակ ժայռը որուն վրայ կարելի է կառուցել մեր կեանքը` Յիսուսն է, ու ապա քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ շնորհքը խուսափելու սնապարծութենէն եւ ըլլալու անկեղծ, աւետարանի ճշմարտութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.