Ընկերաբաններու մշակած տեսութիւններէն է նաեւ Դրապաշտոթիւնը (Positivisme): Դրապաշտութեան
հիմնադիր` ֆրանսացի փիլիսոփայ Օկիւստ Քոնթի համաձայն, կրօնի գիտակցումը մարդուն մէջ հետեւեալ
ձեւով յառաջացած է. -Նախամարդը չկարենալով բնութեան ուժերը բացատրել բնական ու
գիտական միջոցներով, զանոնք աստուածացուցած է, զանոնք պատկերաց-նելով մարդու կերպարանքին
ու ձգտումերուն համեմատ: Մարդ ինքզինք իբր տիպար առնելով, կրօնն ալ իր պատկերին վրայ
ձեւաւորած է: Ըստ դրապաշտութեան, այս ձեւաւորումը դարերու ընթացքին փոփոխուե-լով անցած
է երեք հանգրուաններէ: Կրօնական հանգրուան (religieux ) - Մարդը ֆեթիշիզմէն, այսինքն`
քարի, խեցիի ինչպէս նաեւ բնապաշտական հանգրուանները անցնելով հասած է յունահռոմէական
բազմաստուածութեան քաղաքակիրթ հանգրուանին, ուր մարդը աստուածացնելէ ետք, աստուածները
կրկին մարդացուցած է: Բնազանցական հանգրուան (mռtaphysique) – Մարդը բազմաստուա-ծութենէն
անցած է միաստուածութեան, յղանալով ,գերագոյն պատճառեի գաղափարները: Այս երկրորդ հանգրուանին
կը պատկանին հրէական, քրիստոնէական, իսլամական եւ Ծայրագոյն Ասիոյ բնազան-ցական կրօնները: Դրապաշտական
հանգրուան (positive)- Մարդը միաստուածութենէն անցած է Աստուծոյ ժխտումին: Դրապաշտութեան
կամ արդի հանգրուա-նի մարդը, տիեզերքի գոյութիւնը բացատրելու համար, այլեւս կը դիմէ միայն
գիտութեան: Սակայն չի բաւեր իմաստասէրի մը տրամաբանութիւնը, թէ Գիտութիւնը ամէն բանի
լուծումն է, կամ թէ ժողովուրդները կրօնին այլեւս պէտք չունին: Օկիւստ Քոնթէն հարիւ
տարի անց, Գիտութիւնը իր սահմանափակում-ները ճանչցաւ, կրօնն ալ կը շարունակէ թէ' իր գոյութիւնը
եւ թէ' իր նոյն հարցականները. ո՞վ ենք մենք, ուսկի՞ց ենք, աշխարհը ինցպէ՞ս գոյութիւն
ունի: Այս հարցումին վերջին պատասխանը` Գիտութիւնը հետեւեալ ձեւով ներկայացուցած է. Աշխարհ
ծնունդ առած է զօրաւոր պայթումէ մը, որ կը համապատասխանէ Աստուածաշունչի նկարագրած վեցօրեայ
արարչագործութեան, հոն ուր Ս. Գիրքը կ'ըսէ.- Աստուած ըսաւ` թող լոյս ըլլայ եւ լոյս եղաւ
(Ծնն. 1, 3):