2014-09-24 13:59:19

Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը մէկ միլիոն եուրօ տրամադրեց իրաքի քրիստոնեաներուն համար։


Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը մէկ միլիոն եւրօ նուիրած է Իրաքի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որոնք թիրախ դարձած են եւ տեղահանութեան ենթարկուած իսլամական ծայրայեղականներուն կողմէ։

Դրամագլուխը յանձնուած է Պաղտատի մէջ Պապական Նուիրակին, որպէսզի ան իր կարգին, Իրաքի Եպիսկոպոսներու համագործակցութեամբ, զայն օգտագործէ ի սպաս տեղահանուած ժողովուրդն առաջնակարգ պահանջներուն եւ այդ ուղղութեամբ բարեսիրական գործունէութիւններուն։

Նշենք, թէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը նման նուիրատուութիւն մը կատարած էր անցեալ յուլիսին։

Իտալիոյ եւ Իրաքի եկեղեցիները, իտալական Քարիթասի աջակցութեամբ Իրաքի մէջ իրենց պատկանող կառոյցները՝ տրամադրած են հազարաւոր գաղթականներուն, որոնք ստիպողական՝ լքած են իրենց օճախները ու զրկուած իրենց կենսական ինչքերէն։ ։









All the contents on this site are copyrighted ©.