ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նշեցին խաղաղութեան միջազգային օրուան տօնը
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երէկ Նաքուրայի
իրենց կեդրոնատեղիին մէջ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանէ
Փորթոլանոյի, նշեցին խաղաղութեան միջազգային օրուան տօնը: Զօր. Փորթոլանօ հաստատեց,
որ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը ընկերային բարգաւաճման եւ զարգացումին հիմերը կը հանդիսանան`
աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: «Մենք ամէն
ջանք ի գործ պիտի դնենք, որ Լիբանան դէպի պատերազմ չուղղուի, եւ այս առիթով կ՛ողջունեմ
լիբանանեան բանակն ու անոր հերոսները, որոնք նահատակուեցան ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան»,
ըսաւ ան