2014-09-22 12:12:22

Ֆրանչիսկոս Պապի յուզումը Ալպանացի կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհի մը վկայութիւններուն ի լուր։


Թիրանա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Թիրանայի աթոռանիստ Սուրբ Պօղոս անուան եկեղեցւոյ մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կիրակի, 21 սեպտեմբերի, յետմիջօրէի ժամը 5-ին, թեմի եօթը Ալպանացի եպիսկոպոսներուն, կղերական դասի անդամ աւելի քան 150 քահանաներուն եւ նորընծաներու ներկայութեամբ, գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը։

Արարողութեան աւարտին ալպանացի կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհի մը Քահանայապետին ներկայացուցին իրենց կեանքի վկայութիւնները ու համայնավարութեան տիրապետութեան շրջանին իրենց կրած հալածանքներն ու չարչարանքները։
Թիրանա թեմի քահանայ՝ Հայր Էրնէսթ, տեղեկացուց իր 18 տարիներու բանտարկութեան ապրած փորձարութիւններու մասին ու այդ շրջանի ընթացքին կրած տառապանքներուն մինչ կրօնաւորուհի Քոյր Մարիան, իր խօսքին մէջ ըսաւ ՝՝չենք գիտեր թէ ինչպէս կարողացանք դիմանալ այսքան չարչարանքերուն, Աստուած է որ մեզի տուաւ համբերութիւն եւ յոյս''։
Ֆրանչիսկոս Պապը, սոյն վկայութիւնները ունկնդրելէ ետք յուզուեցաւ ու աչքերէն արցունք հոսեցաւ մինչ կ՛ ողջագուրեր երկու վկայ կրօնաւորները։
Ան ապա իր խօսքին մէջ մեկնաբանելով ժամերգութեան արարողութեան ընթացքին կարթացուած սուրբ գրային ընթերցումը՝ յայտնեց թէ ''չէի գիտեր որ ձեր ժողովուրդը այսքան տառապած է'' եւ թէ ''մարտիրոսներու ժողովուրդ է''։ Սրբազան Հայրը հուսկ հարցադրեց` ''Ի՞նչպէս կրցաք դիմանալ եւ վերապրեցաք այսքան չարչարաքներուն'' յայտնելով թէ հարցումին պատասխանը կը գտնուի օրուան Սուրբ Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղած նամակին մէջ։''Աստուած ողորմութեան եւ մխիթարութեան Հայրն է։Ան է որ մեզ մխիթարեց''։
Ֆրանչիսկոս Պապը օրինակներ բերելով Աւետարանէն յայտնեց թէ Աստուած մտիկ կ՝ընէ իր ժողովուրդի աղերսանքին եւ կը մխիթարէ զանոնք։ ''Այսպէս նաեւ մխիթարեց Ալպանիոյ ժողովուրդը, մտիկ ընելով վանքերուն մէջ աղօթք բարձրացուցած կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն ձայնին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով ներկաները ''չվհատիլ'' որովհետեւ ''Աստուած մեզ կը մխթիարէ մեր կրած չարչարանքներուն համար, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին կարենանք մխիթարել անոնք որոնք կը տառապին, Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած նոյն մխիթարութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.