2014-09-22 09:46:34

''Յարգանք, կրօնական համակեցութիւն եւ ապագայի յոյս'' յատկանշեցին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ալպանիա կատարած ճամբորդութիւնը։


Կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան 19.50-ին, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Ալպանիա կատարած միօրեայ առաքելական այցելութիւնը որ յականշուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի ալպանացիներուն ցուցաբերած յարգանքի զգացումներով, ալպանական ընկերութեան եւ կրօնական համակեցութեան օրինակով եւ Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն յանձնարարած պատգամով։
Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառերուն մէջ յաճախ շեշտը դրաւ Ալպանիայի մէջ տիրապետող կրօնական խաղաղ համակեցութեան։
Թիրանա առաջնորդող թռիչքի ընթացքին, իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ հանդիպելով յայտնեց թէ ''Ալպանիայի կրօնական հասարակութիւններու միջեւ համակեցութիւնը գեղեցիկ նշան մըն է աշխարհին'', ապա Ալպանիայի նախագահական պալատին մէջ քաղաքական իշխանութիւններուն ուղղած իր խօսքին մէջ վերահաստատեց թէ ''Այն ինչ որ կը պատահի Ալպանիայի մէջ, փաստ մըն է թէ զանազան կրօններու պատկանող անհատներու եւ հասարակութիւններու մէջեւ խաղաղ ու պտաղբեր համակեցութիւնը ոչ միայն ցանկալի է, այլեւ գործնականօրէն հնարաւոր եւ իրագործելի''։Հուսկ` Թիրանայի Մայր Թերեզա հրապարակի տարածքին մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին Քահանայապետը ակնարկեց Ալպանացի ազգին անցեալին ապրած դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն խրախուսելով հաւատացեալները կարչած մնալու իրենց հաւատքին ու ապա Մարեմեան աղօթքէն առաջ յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով` ''Ձեզ կը հրաւիրեմ կառուցելու ձեր կեանքը Յիսուս Քրիստսի վրայ` որովհետեւ ով որ Քրիստոսի վրայ կը կառուցանէ, կը կառուցանէ ժայռի մը վրայ։ Սիրելի երիտասարդներ, դուք Ալպանիայի նոր սերունդն էք։Աւետարանի զօրութեամբ եւ մարտիրոսներու օրինակով, գիտցէք ոչ ըսել դրամի պաշտամունքին։ Ոչ ըսել անհատականութեան սխալ ազատութեան ըմբռնումին եւ ոչ բռնութիւններուն ու ապա գիտցէք այո ըսել հանդիպումի մշակոյթին եւ զօրակցութեան։ Այո բարիէն եւ ճշմարտութենէն անբաժան գեղեցկութեան. Այո կեանքին, եւ այսպէսով կը կարենաք կառուցել աւելի լաւ Ալպանիա մը եւ աւելի լաւ աշխարհ մը''։
Յետմիջօրէին ''Բարի Խորհուրդի Տիրամայր'' անուամբ կաթողիկէ համալսարանին մէջ զանազան դաւանանքներու կրօնապետերուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց կրօնի անունով սպաննութիւնները ընդգծելով թէ ''ոչ մէկը կրնայ Աստուծոյ անունը գործածել բռնութիւն բանեցնելու համար'' ու հաստատելով թէ ''իսկական կրօնը աղբիւր է խաղաղութեան եւ ոչ թէ բռնութեան'' ։
Ալպանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չի մոռցաւ այցելել նաեւ կեանքի արուարձաններու մէջ ապրողները, հիւանդները անկարները եւ աղքատները անոնց տանելով յոյսի եւ սիրոյ պատգամը։ ''Եղբայրսիրութիւնը տկարութիւն չէ այլ իսկական ուժ որ կարող է նոյնիսկ վրէժխնդրութիւնը խափանել։ Եղբայրսիրութիւնը շատ աւելի արդիւնաբեր է դրամէն, որ յաճախ յուսախափ կը թողու, որովհետեւ մենք ստեղծուած են Սստուծոյ սէրը ընկալելու ու զայն փոխանցելու ուրիշներուն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Թիրանայի Պեթանիա բարեսիրական կեդրոնը այցելելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.