2014-09-20 14:55:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը՝ ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի կողմէ կազմակերպուած ուսումնաժողովի մասնակցող եպիսկոպոսներուն


Ֆրանչիսկոս Պապը Ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի կազմակերպած ուսումնաժողովի մասնակցող 120 եպիսկոպոսներուն յանձնած իր ճառին մէջ, մաղթանք յայտնեց աշխատանքի պտղաբերութեան համար` հոգեւոր եւ հովուական գետնի վրայ։ Ան ապա ակնարկեց ժամանակակից աշխարհի դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն ուր՝ Եպիսկոպոսներուն առաքելութիւնը շատ աւելի դժուարին է։
՝՝Դուք ձեր վստահութիւնը դրիք Տիրոջ վրայ՝ նման առաքեալներուն եւ Սուրբ Պետրոսին, որ Յիսուսին վստահելով ըսաւ` ''քու խօսքիդ համար ուռկանները պիտի նետեմ''։ ''Դուք ամէնքդ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, եկեղեցւոյ բոլոր հովիւներուն հետ, կանչուած էք ձեր առաքելութեան հիմքը դնելու Յիսուսի Խօսքին վրայ, համայն աշխարհին յոյս պարգեւելու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ ապա Եկեղեցւոյ միսիոնարական գործունէութեան վրայ, որուն ծիրէն ներս հարկաւոր է միսիոնարական ապաշխարութիւն մը, ուր եպիսկոպոսներն ու հովիւները կանչուած են ապրելու եւ ըլլալու առաջին վկաները։ ''Եկեղեցին պէտք ունի հովիւներուն, այսինքն սպասաւորներու, եպիսկոպոսներու որոնք գիտեն ծնրադրել ուրիշին դիմաց ու Յիսուսի նման անոնց ոտքերը լուալ''։ Կանչուած էք անդադար հսկելու ձեր հօտին վրայ պահպանելու համար անոնց հաւատարմութիւնը եւ միութիւնը Աւետրարանի եւ Եկեղեցւոյ հետ գրած է Քահանայապետը իր եպիսկոպոսներուն յանձնած պատգամին մէջ ակնարկելով ապա վերոյիշեալ գիտաժողովէն, զանազան պատճառներու բերումով բացակայ եպիսկոպոսներուն ու անոնց փոխացելով յատուկ ողջոյններ ու փափաք յայտնելով որ այս տարուայ աւարտին, նորօծ Չինացի եպիսլոպոսները եւս կարենան վատիկան գտնուիլ։
Ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը խնդրած է եպիսկոպոսներէն որ աղօթեն ընտանիքի հայող Եպիսկոպոսական սիւհնոդոսի դիտաւորութեան, ընդգծելով ընտանիքին կարեւորութիւնը որ աւետարանացումի հիմնական օրրան մըն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.