2014-09-20 09:21:17

Եկեղեցին Ալպանիոյ մէջ


Ալպանիոյ մէջ քրիստոնէութիւնը ներկայ էր Յիսուսի առաքեալներու օրերէն։ Հաւանական է որ Սուրբ Պօղոս, դէպի Հռոմ ճամբորդութեան ընթացքին, անցած ըլլայ Ալպանիայէն եւ հոն քարոզած Աւետարանը։
58 թուականին, Ալպանիոյ Տուրացցօ քաղաքը կ՛ունենայ իր առաջին Եպիսկոպոսը մինչ չորրորդ դարուն, աւետարանը կը տարածուի գրեթէ բոլոր երկրին մէջ։
Հռովմէական կայսրութեան բաժանումէն ետք, Ալպանիան կը յակի Բիւզանդական կայսրութեան եւ եկեղեցին կ՝ենթարկուի Կ.Պոլսոյ։ Ժ-ԺԳ դար, Բիւզանդական կայրութեան անկումէն ետք՝ երկրին վրայ կ՝արշաւեն Վենետիկցիները, Պուլկարացիները ու այլ զանանան պետութիւններ մինչեւ Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան շրջանը։
Վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին Եկեղեցին կ՛ապրի ծաղկումի շրջան ու կը կառուցուին եկեղեցական հաստատութիւններ եւ կը հիմնուին միաբանութիւններ որոնք կ՝օժանդակեն երկրին կրօնական կեանքի բարգաւաճումին։
15-16 դար՝ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին, կրօնաւոր զանազան միաբանութիւնները կը հեռանան Ալպանիայէն ի բացառեալ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան։ Մէկ դարէ ամբողջ Ալպանացի ժողովուրդը, Հռոմի Պապի աջակցութեամբ՝ կը պայքարի պահպանելու համար իր քրիստոնէական հաւատքը։ 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն մինչ իսլամական կրօնքը կը ծաւալի, Կղեմէս Թ Ալպանի քահանայապետի հովանաւորութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Ալպանիոյ Ազգային Առաջին ժողովը (1703 թ) որ կաթողիկէ հաւատացեաները կը հրաւիրէ հրապարակաւ դաւաներու իրենց հաւատքը։ ԺԹ դարուն, Ալպանիոյ քաղաքական, տնտեսական վերածնունդի շրջանին, Եկեղեցին կարեւոր դեր մը կ՛ունենայ երկրին բարգաւաճումի գծով մինչեւ Ի դար, Ալպանիայի անկախութեան հռչակումը 1912-ին։
1944-1991 երկրին մէջ կը տիրէ համայնավար տիրապետութիւն ու կը վերսկսին քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները, որուն ընթացքին կը փակուին եկեղեցիներ եւ կաթողիկէ դպրոցները ու բազմաթիւ կղերականներ կը ձեռբակալուին ու մահուան կը դատապարտուին։
1976-ին Ալպանական նոր սահմանադրութիւնը երկիրը կը հռչակէ աշխարհի մէջ միակ անաստուած կառավարութիւն եւ կարգիլէ որեւէ տեսակ կրօնական ցոյցեր։
Ալպանիոյ մէջ Եկեղեցւոյ վերածնունդը սկիզբ կ՛առնէ համայնավար տիրապետութեան անկումէն ետք 1991-ին։ Կրօնական ազատութիւնը դարձեալ կը հաստատուի։ 1991-ին Ալպանիայի նախագահ Տիար Սալի Պէրիշա, երկրէն դուրս իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կը կատարէ Հռոմ ուր կը հանդիպի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին հետ։ 25 ապրիլ 1993ին, երջանկայիշատակ Քահանայապետը հովուական պատմական այցելութիւն կը կատարէ Ալպանիա եւ Սքութարի աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ կը նախագահէ չորս եպիսկոպոսներու օծման արարողութիւնը նոր թափ տալով Ալպանիայի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին։
Յայտնենք թէ Ալպանիայի Եկեղեցւոյ ամէնահռչակաւոր անձնաւորութիւններէն մին է Քալքութայի Մայր Թէրէզան։Ան ծնած է 24 օգոստոս 1910-ին, Ալպանացի կաթողիկէ ընտանիքի մը յարկին տակ եւ առաջին անգամ այցելած է իր երկիրը 1989 –ի օգոստոսին։ Մայր Թէրէզան` եղած է աղքատներու առաքեալը։ Հիմնած է գթութեան մայրապետներու միաբանութիւնը որ ամէն աշխարհի մէջ իր ծառայութիւնը կը մատուցէ ի սպաս աղքատներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.