2014-09-19 15:23:03

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 19 սեպտեմբերին քարոզը ''Քրիստոնէական ինքնութիւնը իր լիացումը կը գնտէ յարութեամբ''


''Քրիստոնեային ուղեւորութիւնը իր լրումին կը հասնի Յարութեան մէջ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ուրբաթ, 19 սեպտեմբերին, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներուն ուղղուած նամակէն, Սրբազան Հայրը մատնանշեց Քրիստոնեաներու դժուարութեան՝ ընդունելու իրենց մարմինին կերպարանափոխութիւնը մահուընէ ետք։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր ամբողջ քարոզը կեդրոնացուց Յարութեան իմաստին վրայ եւ յարութեան հանդէպ քրստոնեաներուն ունեցած վախին ու հաւատքին վրայ։
Յարութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – զարթոնք մըն է եւ Քրիստոնէական ինքնութիւնը վերջ չի գտներ ժամանակաւոր յաղթանակով այլ իր լիութիւնը կը գտնէ մեր մարմիններու յարութեան մէջ'։
Քրիստոնէական ինքնութիւնը ուղեւորութիւն մըն է Տիրոջ հետ, ինչպէս Էմմաուսի երկու աշակերտները ու ապա ուղղեւորութեան աւարտին, հրեշտակապետի փողին ձայնէն ետք, պիտի մնանք առ յաւէտ Տիրոջ հետ







All the contents on this site are copyrighted ©.