2014-09-19 11:12:31

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Հռոմի մէջ բացումը կատարեց ՝՝Արեւելքի առակ. Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեակի մարտահրաւէրներու առջեւ՝՝ խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Հռոմ, Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Վիթթորիանօ թանգարանին համալիրին մէջ նախագահեց “Արեւելքի առակ. Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեակի մարտահրաւէրներու առջեւ” խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով: Նախագահ Սարգսեան, ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձաւ նաեւ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի ողջ տարածքին հայկական մշակոյթի ոչնչացման թեմային` նշելով, որ ատիկա այդպէս ալ միջազգային հանրութեան պատշաճ գնահատականին չարժանացաւ:
Վերոյիշեալ բացման հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի որ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց հայ ազգի հաւատքը ու Քրիստոսի Խաչին հանդէպ ունեցած հաւատարմութիւնը։ Խօսք առին նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպան Տիար Միքայել Մինասեան եւ Սանթէճիտիոյ հասարակութեան նախագահ Տիար Մարքօ Իմփալիացօ որուն աջակցութեամբ կազմակերպուած էր ցուցահանդէսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.