2014-09-19 09:51:19

Ալպանիայի առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա։


Ալպանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առանձնական այցելութիւն կատարեց Հռոմի, Տիրամօր Նուիրուած` Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայ, ուր 30 վայրկեան տեւողութեամբ աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ “Salus Populi Romani”, – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն – Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, այնտեղ զետեղելով նաեւ ծաղկեփունջ մը ու հայցելով Աստուածամօր Հովանին։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններէ առաջ` Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա այցելութիւնը սովորութիւն դարձած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.