2014-09-18 13:59:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց 2014-ին ձեռնադրուած նորօծ եպիսկոպոսները։


Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.15-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Փղոսկրեայ Ափունքի եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ` Քլեմենթինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց 2014-ին ձեռնադրուած նորանշանակ 120 եպիսկոպոսներուն ու անոնց ուղղած հայրական ու մտերմիկ իր ճառին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ յանձնառումով աշխատեցան եպիսկոպոսներու կազմաւորումին ուղիով ու ապա նորօծ եպիսկոպոսներուն յայտնեց գոհունակութիւն ու անոնց հանդէպ ունեցած մեծ յոյսը։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց եպիսկոպոսական օծումի արարողութեան ու անոր ծիսական խոր նշանակութիւններուն մասին հրաւիրելով եպիսկոպոսները միշտ նկատի առնել թէ Եկեղեցին ամէնէն առաջ Քրիստոսին կը պատկանի։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ամէնայն պարզութեամբ ներկաներուն փոխանցեց ''Եկեղեցւոյ Հովիւ'' ըլլալու նշանակութեան պատգամը որ հիմնուած է – ըսաւ Ան - Հովիւին ու հօտին միջեւ գոյացած կապին վրայ։
Դուք` ըսաւ Սրբազան Հայրը, հաւատարմութեան մատանիով կապուած էք Եկեղեցւոյ որուն կանչուած էք ծառայել։ Մի ըլլաք ժամանակաւոր եպիսկոպոսներ, որոնք կարիքը կը զգան յաճախ իրենց հասցեն փոխելու։ Ձեր բնակած Եկեղեցիներուն մէջ լիութեամբ ապրելու համար, հարկաւոր է որ դուք միացած ըլլաք Անոր` Քրիստոսին, ապրիլ Անոր Խօսքին մէջ, Սուրբ Զոհին մէջ ու յատկապէս Անոր Խաչին մէջ։ Ձեր նայուածքին մէջ ձեր հօտը թող տեսնէ Յարուցեալին բոցը։ Ուստի մի ըլլաք մարած եւ յոռետես եպիսկոպոսներ, ձեր պարտականութիւնն է ըլլալ Աւետարանի Ուրախութեան պահակները եւ ասոր համար ձեր մէջ ունենալու էք յարատեւ միակ հարստութիւնը որ կրնաք իսկապէս փոխանցել ուրիշներուն եւ զոր աշխարհը չի կրնար տալ. Աստուծոյ սիրոյ ուրախութիւնը։
Սիրեցէք ձեզի յանձնուած ժողովուրդը, նոյնիսկ եթէ անոնք ահաւոր մեղքեր գործած են։ Երբեք մի հոգնիք դիմելու Տիրոջ անոնց համար ներողութիւն հայցելով։Հոգ տարէք ձեր քահանաներուն, որոնցմէ շատերը կրնան կորսնցուցած ըլլալ Քրիստոսը փնտռելու իղձը։ Կը յորդորեմ ձեզ, որպէս Հայրեր ու Հովիւներ, ժամանակ գտնել ձեր քահանաներուն համար` զանոնք ընկալել, ունկնդրել անոնց մտահոգութիւնները եւ առաջնորդել։
Աստուծոյ ժողովուրդը կարիքը ունի ձեր խնամակալ համբերութեան, օրինակ առէք Մովսէսի համբերութենէն առաջնորդելու համար ձեր ժողովուրդը, մինչեւ իսկ վերջին ուժը սպառելով զանոնք Աստուծոյ առաջնորդելու համար, յատուկօրէն երիտասարդներն ու ծերունիները։ Առաջինները որովհետեւ մեր թեւերն են, երկրորդները որովհետեւ մեր արմատներն են։
Երկարաշունջ ճառի աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաներէն խնդրեց իրենց ժողովուրդին տանիլ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին սիրալիր ողջոյնները ու ապա ըսաւ` ''Ձեր մէջ կը տեսնեմ պահակներ, կարող եկեղեցւոյ մէջ վերարծարծել հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Ձեր մէջ կը տեսնեմ քաջարի մարդիկ, կարող մշակել եւ աճեցնել Աստուծոյ դաշտերը։ Ձեր մէջ կը տեսնեմ հովիւներ որոնք կարող են միութիւնը վերահաստատել, ու ցանցեր հիւսել յաղթահարելու համար մասնատումները։ Երկխօսութիւն հաստատեցէք ժամանակաշրջանի աւանդութիւններուն հետ, առանց վախի եւ առանց սահմանի, որովհետեւ Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը սահմանուած է Քրիստոսի սիրով որ սահմաններ չի ճանչնար։ Նկատի ունենալով միշտ ճշմարտութեան հանդէպ սէրը, ժամանակ մի կորսնցնէք ընդդիմութիւն բանեցնելու այլ միայն կառուցելու եւ սիրելու։ Եղէ՛ք պահակներ, Աստուծոյ դաշտերը մշակողներ եւ Հովիւներ որոնք կ՛ընկերանան իրենց հօտին ու կ՛առաջնորդեն զայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.