2014-09-18 08:32:09

Հայաստանի պատմութեան թանգարանը կը մասնակցի Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսին


Հայաստանի պատմութեան թանգարանը Սեպտեմբեր 15-էն սկսեալ կը մասնակցի Նիւ Եորքի “Մեթրոփոլիդէն” թանգարանին մէջ բացուած “Ասորեստանէն մինչեւ Իպերիա. մայրցամաքներու քառուղիներով դասական դարաշրջանի արշալոյսին” միջազգային ցուցահանդէսին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
Ցուցահանդէսին նպատակն է ցուցադրել Արեւմուտքի գեղարուեստական աւանդոյթներու ակունքներն ու զարգացումը, որոնց արմատները կը սերին Հին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջերկրականի երկիրներու մշակոյթներու փոխազադեցութիւններէն, Ք.ա. I հազարամեակին:
Ներկայացուած 300 նմուշները փոխառուած են Արեւմտեան Եւրոպայի, Կովկասի, Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միացեալ Նահանգներու յայտնի թանգարաններէն: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին 14 երկրի թանգարաններ` Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանը, Փարիզի` “Լուվր”-ը, Պեռլինի պետական, Վատիկանի թանգարանները, Հայաստանի պատմութեան, Գահիրէի Հնութիւններու, Աթէնքի Ազգային հնագիտական, Կիպրոսի ազգային, Հռոմի Էդրուսգներու, Պէյրութի ազգային, “Մեթրոփոլիդէն” արուեստի թանգարանները, ինչպէս նաեւ թանգարաններ` Սպանիայէն, ԱՄՆ-էն եւ Իսրայէլէն:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանը ցուցահանդէսին ներկայացուցած է ուրարտական արուեստի ինը բացառիկ նմուշ, որոնք առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին ցուցադրութեան համար` իբրեւ բացառիկ եւ արժէքաւոր վկայութիւն` հաւաստելով հայկական մշակոյթի մշտառկայ դերը եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը տարածաշրջանի` Ասորեստանի, Արեւմտեան Իրանի եւ խեթական պետութիւններու արուեստի եւ մշակոյթի ծիրին մէջ:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանի մասնակցութիւնը աշխարհի ամենահեղինակաւոր հարթակներէն մէկուն` Նիւ Եորքի “Մեթրոփոլիդէն” թանգարանին մէջ, հայկական բազմադարեայ մշակոյթի եւ արուեստի արժեւորման եւ հանրահռչակման բացառիկ հնարաւորութիւն է:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 2015 թուականի Յունուար 4:
Անիկա մեծ նախագիծի մը շարունակութիւնն է, որուն երկու փուլերը կայացած են 2003 թուականի “Առաջին քաղաքներու արուեստը. Ք.ա. III հազարամեակը Միջերկրական Ծովէն մինչեւ Հնդկաստան” եւ 2008 թուականի “Բաբելոնէն անդին. արուեստը, առեւտուրը եւ դիւանագիտութիւնը Ք. ա. II հազարամեակին” խորագրերով:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանը մասնակցած է 2008 թուականին կայացած ցուցահանդէսին` պրոնզեդարեան մշակոյթի եզակի նմուշով:








All the contents on this site are copyrighted ©.