2014-09-18 08:47:05

Խօսէ՝ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին


Ընկերաբաններու մշակած զանազան տեսութիւններէն մին է նաեւ «Ոգեպաշտութիւնը» (Animisme)
Այս տեսութիւնը կը կրէ Թէյլըրի անունը: Ըստ անոր բանաձեւած տեսու-թեան, կրօնը կը ծնի ոգիի գոյութեան գիտակցումէն եւ յառաջ կու գայ հետեւեալ երկու հարցումներէն, զորս կատարած է Նախամարդը.
ա) Ողջը ու մեռածը իրարմէ տարբեր իրականութիւններ են: Ուսկի՞ց կը ծագի այս տարբերութիւնը:
բ) Ի՞նչ է երազը: Երազի մէջ մեր տեսածն ու ապրածը ո՞ր աշխարհին կը պատկանին, քանի որ մեր աչքերը փակ են ու մենք քունի մէջ:
Ոգեպաշտութիւնը այս երեւոյթներէն կ'եզրակացնէ անտեսանելի ոչ- ֆիկի-քական իրականութեան մը գոյութիւինը, որ ոգիներու գոյութիւնն է:
Ըստ ոգեպաշտութեան, մախամարդը կենդանի շունչ վերագրեց նաեւ շրջապատող անշունչ էակներուն, ինչպէս` աստղերուն, ջուրերուն, հովե-րուն, ծառերուն եւ անոնց մարդկային ապրումներ վերագրելով` զանոնք կենդանացուց ու պաշտեց: Նախամարդը կարգ մը անասուններուն, ինցպէս օձին, կոկորդիլոսին, կապիկին, առիւծին մէջ` մարդէն գերազանց խելք ու զօրութիւն տեսաւ եւ զայն «ոգի» կոչեց:
Ոգեպաշտութեան այս դրութենէն յառաջ կու գայ «Թօթեմիզմ»ը (Totem): Ըստ այս տեսութեան, գոյութիւն ունին կարգ մը բոյսեր ու անա-սուններ, որոնց մէջ բարի ոգի կը բնակի ու այս պատճառով` անոնք ցեղի մը պաշտամունքի առարկան կը դառնան: «Թօթեմ»ը խորհրդանիշն է ոգիի մը եւ զինք պաշտող տոհմին: Թօթեմիզմը կը հաւատայ թէ կարգ մը ցեղախում-բեր սերած են այս կամ այն անասունէն կամ բոյսէն եւ որոնց բարի ոգին կը բնակի անոնց մէջ: Ուստի կը զգուշանան այդ անասուններուն կամ բոյսերուն վնաս հասցնելէ:
Ոգեպաշտութեան հետեւանքն է նաեւ «Թապու»ն (Tabou): Այս տեսու-թեան համաձայն, կարգ մը իրեր ու անձեր անհպելի են: Կարգ մը ցեղա-խումբերու համար, «թապու» նկատուած են չաստուածներուն անունները, որոնք գաղտնի մնալու էին, ինչպէս Եահուէն` հրեաներուն մօտ:


Քաղուած`Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն







All the contents on this site are copyrighted ©.