2014-09-18 08:38:22

Իպոլայի համաճարակը արդէն խլած է աւելի քան 2400 մարդոց կեանքը


«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Լիպերիոյ նախագահ Էլըն Ճոնսըն Սրլիֆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն խնդրած է աջակցութիւն եւ օգնութիւն տրամադրել Լիպերիոյ` Իպոլա ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու համար` ըսելով, որ առանց այդ օգնութեան իր երկիրը պիտի չկարենայ համաճարակին դէմ պայքարէն յաղթական դուրս գալ:
Իպոլա համաճարակը առաջին անգամ յայտնաբերուեցաւ այս տարուան մարտին եւ արդէն խլած է 2400 մարդու կեանք` մեծամասնութեամբ Լիպերիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Կինէի եւ Սիերա Լէոնէի մէջ: Արեւմտեան Ափրիկէ առողջապահական ծանր ճգնաժամ կը դիմագրաւէ` յանկարծակի այսպիսի թափ առած համաճարակին պատճառով:
Հակառակ անոր որ Լիպերիոյ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ կ՛աջակցի հիմնումին տարբեր կեդրոններու, ուր մեկուսարան-անկողիններ կը տրամադրուին հիւանդներուն, սակայն տակաւին հազար մեկուսարան-անկողինի կարիք կայ: Միացեալ Նահանգներ արդէն տրամադրած են հարիւր միլիոն տոլար` հիւանդութեան առաջքը առնելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.