2014-09-17 11:53:05

Ֆրանչիսկոս Պապը հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթքով ընկերանան Ալպանիա կատարելիք իր առաքելական ճամբորդութեան ու Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները հրաւիրեց ըլլալ` Փրկութեան, ճշմարտութեան եւ օրհնութեան պատգամի՝ քաջ եւ ուրախ, բեռնակիրները'':


Չորեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին Ալպանիա կատարելիք առաքելական այցելութիւնը մատնանշելով թէ ''որոշեց այդ երկիրը այցելել ի տես անոր կրած տառապանքներուն անաստուած վարչակարգի ժամանակաընթացքին, եւ այսօր այնտեղ գտնուող կրօնական զանազան բաղադրիչներու միջեւ իրականացուող խաղաղ համակեցութեան համար''։
Այժմէն իսկ կ՛ողջունեմ Ալպանացի ժողովուրդը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ այս այցելութեանս պատրաստութեան համար – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա հաւատացեալներէն խնդրեց որ Իրեն ընկերանան աղօթքով, Բարի Խորհուրդի Տիրամօր բարեխօսութեամբ։
Մինչ խորհրդածութեան աւարտին արտասանած ողջոյնի խօսքերու ընթացքին խօսքը ուղղելով Միջին Արեւելքէն ժամանած արաբախօս ուխտաւորներուն ըսաւ. ''Ով Սուրբ Երկիրներու զաւակներ, ուրտեղէն ծագեցաւ աւետումի ճրագը եւ հասաւ համայն տիեզերքին, ձեր բոլոր դժուարութիւններուն հանդերձ, եղէք միշտ` փրկութեան, Ճշմարտութեան եւ օրհնութեան պատգամի՝ քաջ եւ ուրախ, բեռնակիրները''։







All the contents on this site are copyrighted ©.