2014-09-16 08:18:45

Կլոր սեղան ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրի կիրարկումին համար։


Աւետարանացումի քահանայապետական խորհուրդը Վատիկանի մէջ կը կազմակերպէ միջազգային կլոր սեղան մը` 18-20 Սեպտեմբեր նուիրուած ''Աւետարանի ուրախութեան հովուական ծրագիրը'' նիւթին։ Սրբազան Քահանայապետը 19 Սեպտեմբերին իր խօսքը պիտի ուղղէ մասնակցողներուն։
Եպիսկոպոսներու եւ հովուապետերու սահմանուած այս հաւաքին կէտնպատակն է ընտրել ուղիները որով Եկեղեցին կանչուած է համապատասխանելու Տիրոջ Կոչին, վերանորոգուած աւետարանութեան մը համար, միսիոնարական նորոգուած հոգիով եւ քրիստոնէական ուրախութեամբ։
Կլոր սեղանին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու, եկեղեցական շարժումներու պատասխանատուներու ինչպէս նաեւ կրօնաւորական հաստատութիւններու աբբահայրերու։
Նշենք որ այս երկրորդ անգամն է որ այս տարի Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ ֆիզիքելլա կը ձեռնարկէ մեծ հաւաք մը։ Անցեալ մարտին Ան կազմակերպած էր ''24 ժամ վասն Տիրոջ'' բանաբանով հաւաք մը քաջալերելու համար հաւատացեալները ապաշխարութեան ու խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու։ Նախաձեռնութիւնը գլխաւորած էր ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապի ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրը, լոյս տեսաւ 26 նոյեմբեր 2013-ին, քահանայապետութեան 8-րդ ամիսը, որով Սրբազան Հայրը պարզեց իր տեսութիւնը Եկեղեցւոյ մասին արծարծելով իր սիրտին խօսող նիւթեր` աշխարհի մարտահրաւէրը, հովուական գործիչներու փորձութիւնները, համայնքային յանձնառումի տագնապը, քարոզութիւնը, աղքատին յատուկ ուշադրութիւն, ընկերային խաղաղութիւնը...։








All the contents on this site are copyrighted ©.