2014-09-16 12:50:44

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը Պոլսոյ մէջ։


Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 15-ին, կայացած է «Հրանդ Տինք» ամենամեայ միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը:
Մրցանակաբաշխութեան ժամանակ մրցանակները յանձնած են զինամթերքի վաճառքի եւ հիւլէակայաններու դէմ տարիներ շարունակ պայքարող ակտիւիստ Էնճի Զելթերին եւ բռնութիւններու դէմ պայքարով յայտնի, Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու հիմնադրամի նախագահ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճին:
«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը ամէն տարի կը յանձնուի երկու մարդու կամ կազմակերպութեան, որոնք Թուրքիոյ մէջ կամ երկրէն դուրս կը պայքարին խտրականութենէ, ռասիզմէ եւ բռնութենէ զերծ աշխարհի համար, սեփական իտէալներու համար պատրաստ են վտանգի դիմե, կ’օգտագործեն խաղաղութեան լեզուն եւ նման ձեւով կը խրախուսեն եւ կ’ոգեշնչեն միւսները:
«Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը նպատակ ունի ցոյց տալու, որ սեփական իտէալներու համար պայքարող մարդոց ձայնը լսելի է, անոնց աշխատանքը` տեսանելի, եւ անոնք միայնակ չեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.