2014-09-15 11:24:21

Սկովտիոյ մէջ անկախութեան հակառակորդները դարձեալ գերազանցած են կողմնակիցները


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ մէջ անոր անկախութեան զօրակցող բնակիչներուն թիւը դարձեալ 50 առ հարիւրէն նուազած է: Ինչպէս կը վկայեն հասարակական կարծիքի հարցախոյզի «ԵուԿով» ծառայութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են 11 սեպտեմբերին: Բրիտանիայէն անջատուելու թեր կ՛արտայայտուի սկովտիացիներուն 48 առ հարիւրը, իսկ դէմ` 52 առ հարիւրը:
7 սեպտեմբերին «ԵուԿով»-ի կատարած եւ «Սանտէյ Թայմզ»-ի կողմէ հրապարակուած հարցախոյզը ցոյց տուած էր, որ անկախութեան աջակցողներուն համեմատութիւնը 51 առ հարիւր է:
7 սեպտեմբերի տուեալներուն հրապարակումէն ետք բրիտանական կառավարութիւնն ու սկովտիական անկախութեան բոլոր հակառակորդները աշխուժացուցած էին իրենց քարոզարշաւը: 10 սեպտեմբերին Սկովտիա այցելած էին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Էտ Միլիպանտ եւ Ազատական-ժողովրդավարներու կուսակցութեան ղեկավար, փոխվարչապետ Նիք Քլեկ: Անոնք կոչ ուղղած էին սկովտիացիներու` չխզելու Անգլիոյ հետ միութիւնը, որ 307 տարուան պատմութիւն ունի:
Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 18 սեպտեմբերին:







All the contents on this site are copyrighted ©.