2014-09-15 11:24:06

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Բրիտանացի Տէյվիտ Հէյնզի գլխատումը:


ՄԱԿի ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց, ՏԱՀԷՇԻ կողմէ գերեվարուած եւ բարբարօսութեամբ գլխատուած Բրիտանացի Տէյվիտ Հէյնզի անմարդակային արարքը. նկատի առնելով, թէ սոյն Իսլամական պետութիւնը պէտք է չախչախուի եւ անոր ատելութեան քարոզարշաւը պէտք է արմատախիլ ըլլայ։
Այս առընչութեամբ, Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ամերիկիոյ ժողովուրդը Բրիտանիոյ կողքին են եւ կը կիսեն անոր վիշտը։
Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները մարդասիրական աշխատանք տանող բրիտանացին գլխատած էին` իբրեւ պատասխան խմբաւորումին դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի մաս կազմելու Բրիտանիոյ քայլին:








All the contents on this site are copyrighted ©.