2014-09-15 09:44:09

Իպոլա համաճարակին պատճառով Լիպերիոյ եւ Սիերա Լիոնէի տնտեսական աճը կրնայ կրճատուիլ


Ria.ru կայքը` յղում կատարելով Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչ Ուիլիըմ Միւրըրի Ուաշինկթընի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Իպոլայի համաճարակը Լիպերիոյ եւ Սիերա Լիոնէի վրայ պիտի ազդէ համախառն ներքին արտադրութեան քանի մը տոկոսային կէտով: Անիկա պիտի ազդէ նաեւ Քենիոյ տնտեսութեան վրայ:
«Իրավիճակը սրընթաց կ՛աճի, սակայն վերջին հասանելի տեղեկատուութեան համաձայն, Լիպերիոյ եւ Սիերա Լիոնէի մէջ տնտեսութեան աճը կրնայ կրճատուիլ 3-3,5 տոկոսային կէտով, իսկ շուրջ 1,5 տոկոսային կէտով` Քենիոյ մէջ», նշած է Միւրըր:
«Միջազգային ընտանիքի զանգուածային եւ համակարգուած շտապ միջամտութիւն անհրաժեշտ է, որպէսզի համաճարակը հսկողութեան տակ առնուի», եզրափակած է Միւրըր:







All the contents on this site are copyrighted ©.