2014-09-14 12:37:03

''Ե՞րբ պատմութենէն դաս պիտի քաղենք թէ պատերազմը խելագարութիւն մըն է որ միայն չարութիւն ու մահ կը յառաջացնէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


Կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութեան մէջ, մատնանշեց օրուան ծիսական յիշատակութեան` Խաչվերացին ըսելով. ''14 Սեպտեմբերին Եկեղեցին կը յիշատակէ խաչվերացը։ Յիսուսի Խաչին մէջ յատնուեցաւ Աստուծոյ մարդկութեան հանդէպ ունեցած անհուն սէրը` ''Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր չկորսուի այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը''։
Խաչը անհրաժեշտ դարձաւ մեզ ստրկացնող չարին պատճառաւ։ Խաչը որ գայթակղութեան նշան էր դարձաւ յաղթութեան նշան։ Անով Յիսուս յաղթեց չարին ու մահուան ու մեզի պարգեւեց կեանք եւ վերարծարծեց մեր մէջ յոյսը։ Յիսուսի Խաչը մեր միակ յոյսն է – ըսաւ Սրբազան Հայրը - զգուշացնելով որ Խաչին հաւատալ կը նշանակէ ընթանալ Յիսուսի չարչարանքի, սիրոյ եւ զոհաբերումի ճանապարհով։
Ան ապա յուզումով վերյիշեց բոլոր այն ''մեր եղբայրներն ու քոյրերը որոնք կը հալածուին ու կը սպաննուին Քրիստոսի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատարմութեան համար։ Յիշենք ու աղօթենք անոնց համար։ Հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիկոս Պապը, Աստուածամօր որ ''Յիսուսի խաչին քով կանգնած էր'', յանձնելով եկեղեցւոյ ներկան ու ապագան, որպէսզի ամէնքս կարենանք ընկալել Յիսուսի խաչին սիրոյ եւ փրկութեան պատգամը։
Խորհդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ սկիզբ առնող` ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի խաղաղութեան ի սպաս առաքելութիւնը, վստահեցնելով իր աղօթքները ու քաջալերելով միջազգային հասարակութեան, երկրին մէջ, խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը ու մաղթելով որ բռնութեան տեղ հաստատուի երկխօսութիւնը եւ հակամարտողները մէկդի դնեն անձնական շահերը ու գործեն հասարակաց բարիքին համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ վերյիշեց` առաջին համաշխարհային պատերազմի Ռէտիփուլիայի յուշահամալիրին կատարած ուխտագնացութիւնը ուր աղօթեց ''աշխարհամարտի բոլոր զոհերուն դիտաւորութեան'' հարց տալով թէ ե՞րբ մարդկութիւնը դաս պիտի քաղէ թէ պատերազմը խելագարութիւն մըն է որ միայն չարութիւն ու մահ կը յառաջացնէ''։ Այսօր տակաւին պատեարզմները կը շարունակուին – ըսաւ Սրբազան Հայրը – Նայինք Յիսուսի խաչին ու անկէ սորվինք թէ չարն ու ոխը կարելի է յաղթահարել միայն ներումով եւ բարիութեամբ։
Սրբազան Հայրը հուսկ ողջունեց հրապարակը գտնուող հազարաւոր ուխտաւորները ու ապա հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.